ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի մասնագէտները բաց դաս կազմակերպած են 4րդ զօրամիաւորման N զօրամասի զինուորական ծառայողներուն համար:
Ներկայացուած են կեդրոնի նորարարական կրթական ծրագիրները եւ ԹՈՒՄՕի ինքնուսուցողական վարժանքներուն ու դասընթացներուն զինուորներուն մասնակցութեան կարելիութիւնները։