ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 24 Փետրուարին, ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, անոր գրասենեակին մէջ:
Շնորհաւորելով նախարար Օհանեան-Գէորգեանը՝ իր ստանձնած պաշտօնին համար, Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը ներկայացուց ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանային եւ մասնաճիւղային զանազան մարզերն եւ մարզական դպրոցները, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին:
Հանդիպումին ընթացքին, նախարար Օհանեան-Գէորգեան իր կարգին շեշտեց նաեւ երիտասարդութեան դերին կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ կը քաջալերէ երիտասարդութեան կարծիքը՝ զայն միշտ առաջնահերթ նկատելով. նախարարը յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի երիտասարդութեան դերին աշխուժացման ուղղութեամբ:
Հանդիպումին աւարտին Րաֆֆի Մումջօղլեան Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ վստահեցնելով, որ ՀՄԸՄը միշտ պատրաստ է աջակցելու նախարարութեան՝ նպաստելով Լիբանանի մարզական եւ սկաուտական մարզերուն:
Պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուաւ նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիին: