Անգլիոյ «Օքսֆորտ» համալսարանի Արեւելեան ուսումնասիրութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ՝ «Արեւելեան Քրիստոնէութիւնը» բնաբան-նիւթին ուսումնասիրութեան նուիրուած դասախօսական-հաւաքներու ծիրին մէջ, որ անցեալ ութ տարիներուն վրայ երկարած ծրագիր-յայտագիրներէն մին է նոյն համալսարանին, Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ ներկայութիւնը Արաբական ծոցի տարածաշրջանին մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը համալսարանին սրահին մէջ: Դասախօսն էր Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան:
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, որ համալսարանին Արեւելեան ուսումնասիրութեան բաժանմունքի դասախօսական կաճառի գործօն անդամներէն է՝ ներկայացուց օրուան դասախօսը:
Դոկտ. Ճէպէճեան մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց նախ Արաբական ծոցի պատմական-քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական տուեալները, ապա՝ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ եւ համայնքին կազմաւորումը Ք.Ե. վաղ չորրորդ դարէն սկսեալ, եւ հասնելով մինչեւ Իսլամական ներխուժումը տարածաշրջանին մէջ Ք.Ե. 629 թուականին:
Ան մատնանշեց, թէ Քրիստոնեայ եկեղեցին Իսլամական տիրապետութեան ժամանակամիջոցին, շրջանին մէջ մնացած է մինչեւ իններորդ դարը, ապա անյայտացած: Ան տուաւ անյայտացումին պատմական-գիտական տուեալները եւ ապացոյցները: Այնուհետեւ ան մատնանշեց, թէ ինչպէս քրիստոնեայ ներկայութիւնը դարձեալ մուտք գործած է տարածաշրջանին մէջ, 1497ին, երբ փորթուգալցի հետազօտողներ հասած եւ այս երկիրները:
Դոկտ. Ճէպէճեան վեր առաւ քրիստոնեայ ներկայութեան ծաւալած գործունէութիւնը անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին, հասնելով մինչեւ Ամերիկացի միսիոնարները, որոնք տասնիններորդ դարէն սկսեալ մեծ նպաստ եւ ներդրում ունեցած են այս երկիրներուն ընկերային կեանքի բարելաւման, ի մասնաւորի կրթական եւ բժշկական բնագաւառներուն մէջ:
Ան ընդարձակ տեղեկութիւն տուաւ այսօրուան քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մասին։
Դասախօսութենէն ետք գործադրուեցաւ հարցում-պատասխանի բաժինը։