ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 27 Փետրուարին հանդիպումներ ունեցան աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ:
Տօնոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման գործընթացը:
Կողմերը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցին ՀԱՊԿի ճգնաժամային արձագանգման համակարգի զարգացման, ՀԱՊԿ գործնական արձագանգման հաւաքական ուժերու եւ խաղաղապահ ուժերու ներուժի բարձրացման, կազմակերպութեան զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու համակարգի կատարելագործման Քննարկուեցան նաեւ համատեղ իրականացուող մարտական պատրաստութեան նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայրենական Մեծ պատերազմի 75ամեակին նուիրուած միացեալ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Սթանիսլաւ Զաս ամփոփեցին կատարուած աշխատանքները, միտքեր փոխանակեցին անոնց արդիւնքներուն շուրջ։ Քննարկուեցան ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, թմրեցուցիչներու եւ հոգեմէտ նիւթերու անօրինական շրջանառութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր:
Քարտուղար Գրիգորեան ներկայացուց իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ եւ ընդգծեց արցախեան հարցի բացառապէս խաղաղ ուղիով լուծելու հրամայականը՝ կարեւոր նկատելով այս առումով ՀԱՊԿի դիրքորոշումը ու Հայաստանի հասարակութեան ակնկալութիւնները այդ կառոյցէն:
Քարտուղար Զաս անգամ մը եւս հաստատեց ՀԱՊԿի դիրքորոշումը, որուն համաձայն, հակամարտութեան խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Ան ներկայացուց ՀԱՊԿի ծիրին մէջ ծրագրուած եւ արդէն իրականացուող շարք մը ծրագիրներ, որոնց կարգին՝ հակաահաբեկչական եւ զօրավարժութիւններու նախապատրաստման վերաբերող: