ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 27 Փետրուարին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ։
Վարչապետը ընդգծեց հայ-վրացական ռազմավարական յարաբերութիւններուն շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ պաշտպանական բնագաւառին մէջ փոխգործակցութիւնը Հայաստան-Վրաստան գործընկերութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է, ուստի շատ առանցքային է երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան 2020ի ծրագիրին ստորագրութիւնը։
Իրաքլի Ղարիպաշվիլի նշեց, որ ուրախ է դարձեալ այցելելու բարեկամ Հայաստան, որուն հետ Վրաստան սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ եւ ամուր գործընկերութիւն ունի: Ան գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ համագործակցութեան եւ միացեալ ծրագիրներուն գծով։
Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց կարգին՝ հայ-վրացական պաշտպանական փոխգործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Անոնք ընդգծեցին, որ երկու երկիրները եւ ժողովուրդները ունին պատմամշակութային դարաւոր կապեր եւ քրիստոնէական արժեհամակարգ, որոնք ամուր հիմք կը հանդիսանան բարեկամական համագործակցութեան խորացման եւ սերտացման։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի միտքեր փոխանակեցին հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման, այդ ուղղութեամբ փոխադարձ ջանքերու կարեւորութեան շուրջ:
Աւելի ուշ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ստորագրեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2020ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը։
Հանդիպումէն ետք անոնց տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Տօնոյեան ամփոփեց հանդիպումին արդիւնքները. «Հանդիպման արդիւնքներով ստորագրեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնների միջեւ 2020թ. ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը, որում ներառուած են պաշտպանութեան բնագաւառի միջոցառումներ: Վերջիններս ընդգրկում են ռազմական կրթութեան, զինծառայողների սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) պաշտպանութեան, խաղաղապահութեան եւ լեռնային պատրաստութեան ոլորտները», ըսաւ նախարարը:
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ծառայողներ Վրաստանի մէջ պիտի մասնակցին ՆԱԹՕի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու ձեւաչափով 2020ի բազմազգ վարժութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ հայկական կողմը ապագային եւս կը շարունակէ աշխոյժ կերպով ներգրաւուիլ նման զօրավարժութիւններու մէջ:
Նախարարները նաեւ համաձայն են, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Իրաքլի Ղարիպաշվիլի դրուատեց հանդիպումը՝ դիտել տալով, որ քննարկուեցան զանազան հարցեր երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ: Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու վերաբերեալ: Անոնք նաեւ համաձայնած են, որ չկան այլընտրանքներ զարգացող բարիդրացիական յարաբերութիւններուն, չկայ այլընտրանք տագնապին խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման: