ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 1 Մարտին, Պեվըրլի Հիլզի «Մոնթաժ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունենալիք Հայ Մշակութային հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, հիմնարկութիւնը պիտի մեծարէ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պօյաճեանները, համայնքին կեանքին մէջ անոնց երկար տարիներու արդիւնաբեր գործունէութեան եւ կատարած բարերարութեան համար:
Տասնամեակներու ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի համայնքին մատուցած իր սպասարկութեանց կողքին, ամոլը իր աջակցութեան ձեռքը հասցուցած է նաեւ մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ, ինչպէս նաեւ՝ Անթիլիաս։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտարարած էր, թէ ամիսներ տեւած վերանորոգութեան աշխատանքներու շնորհիւ, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուած էր եկեղեցւոյ օրհնութեան յատուկ կարգ մը, շեշտելով, որ բարեկարգումը կարելի եղած էր Պօյաճեան ամոլին առատաձեռն բարերարութեամբ։
«Տարիներէ ի վեր, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան առաքելութեան իրականացման մէջ Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պօյաճեաններու ներդրումները հսկայական եղած են։ Պօյաճեանները միասնաբար անջնջելի հետք մը ձգած են Հայ մշակութային հիմնարկութեան պատմութեան մէջ եւ հպարտ ենք, որ առիթը պիտի ունենանք զիրենք պատուելու», կը յայտնէ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան։
Յովսէփ Պօյաճեան գործօն անդամ մը եղած է համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու մէջ, կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցելով անոնց ընդմէջէն։ Ան եղած է Արեւմտեան թեմի եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Շինարարական յանձնախումբերու անդամ եւ այս վերջինին ատենապետը։
Իբրեւ Փասատինայի հայ համայնքի աշխոյժ անդամ Յովսէփ Պօյաճեան ընտրուած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ եւ եկեղեցին ներկայացուցած է Արեւմտեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին։
Իր կարգին, Էլիզապէթ Պօյաճեան ներկայիս Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան քարտուղարն է եւ 2017ին առաջնորդարանը ներկայացուցած է Անթի-լիասի մէջ տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային երեսփոխանական ժողովին մէջ։
Ան նաեւ անդամ եղած է Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեանց եւ եղած է վերջինին տարեկան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ։
Վերջին տասնամեակին, Էլիզապէթ Պօյաճեան եղած է Հայ կրթական հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկներուն արձանագրած յաջողութեանց մղիչ ուժը, տասնեակ հազարաւոր տոլարներ ապահովելով հիմնարկութեան ծրագիրներուն, որոնց նպատակն է յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի կրթական եւ մշակութային հաստատութեանց բարգաւաճման եւ ամրապնդման նպաստել։
Նշեալներուն կողքին, ամոլը նաեւ նպաստած է Արցախի մէջ դպրոցներու շինարարութեան ջանքերուն եւ եղած է ՀՄԸՄի 2006ի Նաւասարդեան Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ։