ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան միջոցով Պէյրութէն Հայաստան տեղափոխուեցաւ արեւմտահայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի արխիւը:
Բանաստեղծին զարմուհին ուղարկեց փաստաթուղթեր, ձեռագիր նամակներ, քերթուածներ, օրագրութիւն, արձակ ստեղծագործութիւններ եւ նկարներու հաւաքածոյ մը՝ յանձնելով զայն Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին: