ՊՈՍԹԸՆ.- «Միւզիքըլ Արմինիա»ի 37րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ 15 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2էն սկսեալ, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քարնըկի» կեդրոնի «Ուէյլ» սրահին մէջ: Այս տարուան համերգին ելոյթ պիտի ունենան դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան:
Այս երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիները այլազան եւ հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը:
«Միւզիքըլ Արմինիա»ն, որ 1982ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց միութեան ջանքերով՝ նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու: Անցնող 38 տարիներուն ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի եւ հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձան:
Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»ի հովանաւորները եւ աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել այս արուեստագէտներու զարգացման գործին: Նշենք, որ այս առիթով հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են: