ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Յառաջիկայ Մարտին, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենան Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպած զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքները՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն:
Զօրակցական-հանգանակային հաւաքներուն պիտի զեկուցէ Ջաւախքի ֆոնտի Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Իվան Արտհալճեան:
Հաւաքը Թորոնթոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 15 Մարտ 15ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, կէսօրէն ետք ժամը 1:30էն սկսեալ, իսկ Մոնթրէալի մէջ՝ Երկուշաբթի, 16 Մարտին, Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ:
Նշենք, որ Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբը իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին հանգանակած է առաւել քան 100,000 տոլար: