ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարուան սկիզբէն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը Քալիֆորնիոյ հայահոծ գաղութին մէջ վարիչ քարտուղարի պաշտօնին կոչած է Մայտա Քիւրեճեանը, որ երիտասարդ տարիքէն սկսեալ բոլորանուէր մասնակցութիւն ունեցած է մեր կազմակերպութիւններէն՝ ՌԱԿի, ԹՄՄի եւ ՀԲԸՄի կեանքին մէջ, վարելով կարեւոր պաշտօններ: Շրջան մը, ան իր աշխատակցութիւնը բերած է նաեւ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին:
Քիւրեճեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն, ուրկէ 1982ին ստացած է պսակաւոր արուեստից երկու վկայականներ՝ առեւտրական եւ քաղաքական գիտութիւններու մէջ։ 1980ին փոխադրուելով Պոսթըն՝ շրջան մը ստանձնած է ԹՄՄի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը, ապա՝ ՀԲԸՄի քարտուղարութեան պաշտօնը՝ Նիւ Ինկլընտի շրջանակին համար, մինչեւ 1990։ Այնուհետեւ ան հիմնած է իր անձնական առեւտրական հաստատութիւնը մինչեւ իր վերադարձը Պէյրութ, ուր կազմած է իր ընտանեկան բոյնը:
Պէյրութի մէջ ան պաշտօնավարած է Հայկազեան համալսարանին մէջ. 2014էն 2015 եղած է վարիչը համալսարանի 60րդ տարեդարձի յանձնախումբին: Լիբանանի մէջ ան շարունակած է բերել իր ծառայութիւնները մեր կազմակերպութիւններուն մէջ, մանաւա՛նդ՝ սկաուտական շարժումին:
Իր այս նոր պատասխանատու պաշտօնով, վստահաբար Քիւրեճեան պիտի ունենայ բեղմնաւոր գործունէութիւն՝ աշխուժացնելով արդէն իսկ նահանգին մէջ գործող ԹՄՄի երեք մասնաճիւղերը:
(Հաղորդագրութիւնը՝ ԹՄՄէն)