
ՏԻԹՐՈՅԻԹ.- Վերջերս, Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը այցելեց քոնկրեսական Հալի Սթիւընզի (դեմոկրատ)՝ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր՝ իր կատարած գործակցութեան համար, թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 296 բանաձեւին եւ թէ Հայաստանին կատարուելիք օժանդակութիւնը ապահովելու ջանքին:
Հայ Դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ծովինար Համագործեան, Սեպուհ Համագործեան եւ Րաֆֆի Ուրլեան:
Սթիւընզ գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ պիտի շարունակէ հետեւողական կերպով գործակցիլ Հայ Դատին հետ, շարունակ թիկունք կանգնելով ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի որոշումներուն:
Տեսակցութեան ընթացքին, նաեւ կատարուեցաւ անդրադարձ շրջանի նորակառոյց Հայ կեդրոնին, որ կը գտնուի իր ղեկավարած շրջանին մէջ: «Մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեմ նոր կեդրոնի բացման հադիսութեան օրուան: Վստահ եղէ՛ք, թէ անպայման ներկայ պիտի ըլլամ», ըսաւ Սթիւընզ:
Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Ծովինար Համագործեան, որ ըսաւ. «Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Թիկունք կանգնելով Հայ Դատին՝ քոնկրեսական Սթիւընզ փաստեց, թէ կը մնայ մօտիկ բարեկամ եւ գործընկեր»:
Իսկ Րաֆֆի Ուրլեան աւելցուց, թէ պիտի շարունակուի ներկայացուցիչ Սթիւընզի հետ գործակցութիւնը, յատկապէս Արցախի վերաբերեալ առնուելիք որոշումներուն գծով: