Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Լիբանանին ուղղուած իր ռազմավարութեան ծիրին մէջ մշակած է կրթական համակարգին վերաբերող երեք նոր ծրագիրներ: Առաջին ծրագիրը «Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիր»ն է, որ բաց է Լիբանանի բոլոր հայկական դպրոցներուն: Անոր հիմնական նպատակն է՝ օժանդակել դպրոցներուն, որպէսզի կարենան իրենց մանկավարժական համակարգը բարեփոխել, շեշտը դնելով արեւմտահայերէնի որակեալ ուսուցումին վրայ:
Երկրորդ ծրագիրը «Ուսուցիչներու շարունակական ուսումնառութեան ծրագիր»ն է, որ ուղղուած է արեւմտահայերէնով այլազան նիւթեր դասաւանդող բոլոր ուսուցիչներուն: Հիմնարկութիւնը կը փափաքի կենսական բարեփոխումներու մղիչ ուժ մը ըլլալ՝ ուսուցիչներու ուղղութեամբ ներդրումներ ընելով:
Երրորդ ծրագիրը «Հայերէնի օժանդակ դասընթացքի ծրագիր»ն է, որուն հիմնական նպատակն է՝ բարելաւել մասնակցողներուն լեզուամտածողութիւնը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը պիտի համագործակցի տեղական, ինչպէս նաեւ միջազգային մասնագէտներու հետ՝ հիմնական նպատակ ունենալով մասնակցողներուն լեզուական, մշակութային, վերլուծողական եւ քննական մտածողութեան հմտութիւններու զարգացումը՝ արեւմտահայերէնով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ կայքէջէն՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/։