ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 8 Փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի հանդիպումը:
Ժողովական հայրերը յաջորդաբար քննարկեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, քահանայից պատրաստութեան, Դպրեվանքի, Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարանականներու յատուկ դասընթացքին, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական հանդիպումներու ու աշխատանքներու, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու յատուկ դասընթացքի, Սուրբ Գրոց թարգմանութեան, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու բարեփոխութեան, վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25ամեակին, յառաջիկայ միաբանական ժողովին, նուիրապետական աթոռներու հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ այժմէական հարցերու վերաբերող աշխատանքներ ու ծրագիրներ:
Վերոյիշեալ օրակարգի նիւթերու շուրջ տրուեցան զեկոյցներ եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ: