ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրները ամփոփած են իրենց տնտեսութիւններու նախնական արդիւնքները: Եւրասիական ամբողջ հնգեակը՝ Ռուսիա, Ղազախստան, Պելառուս, Հայաստան, Խրխըզիստան, աճ արձանագրած են, բայց, ինչպէս կը գրէ Gazeta.ru-ն, համախառն ներքին արտադրութեան աճի տարբերութիւնը ցնցող է՝ գրեթէ եօթը անգամ:
Անվիճելիօրէն առաջատարը Հայաստանն է: 2019ին առաջին ինն ամսուան արդիւնքներով, Հայաստանի տնտեսութեան աճը, նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ եղած է 7.5 տոկոս:
Ռուսիոյ տնտեսութիւնը 2019ին աճած է ընդամէնը 1.3 տոկոսով, Պելոռուսինը՝ միայն 1.2 տոկոսով: Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան ամբողջ տարուան համար 7.9 տոկոսի աճ նախատեսած էր: Ասիկա բաւական տպաւորիչ արդիւնքն է ոչ միայն եւրասիական գործընկերներու շրջանակին մէջ, այլ Հայաստան կրնայ լաւագոյնը դառնալ սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ, որ կը ներառէ Վրաստանը, Թուրքիան, Պուլկարիան, Ռումանիան, Մոլտովիան, Ուքրանիան եւ այլ երկիրներ:
Առեւտուրի եւ զարգացման սեւծովեան դրամատան նախագահ Տիմիթրի Փանքին դիտել տուաւ, որ այն դրական քայլերը, զորս ներկայիս կ՛առնուին Հայաստանի մէջ, որոնց կարգին՝ փտածութեան դէմ պայքարը, գործարարութեան համար խաղի հասկնալի պայմաններու ստեղծումը եւ դրամատնային թափանցիկ համակարգը իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ներդրողներու ծրագիրներուն վրայ։ Ան կը նախատեսէ, որ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման վրայ դրականօրէն պիտի ազդէ պիւտճէին մէջ ենթակառուցուածքի զարգացման համար պետութեան հիմնական ծախսերու բաժինը համախառն ներքին արտադրութեան 2.8 տոկոսէն մինչեւ 5 տոկոս բարձրացնելու մտադրութիւնը:
Gazeta.ru-ն կը գրէ, որ Հայաստանի մէջ այս բեկումը ապահովուած է տնտեսութիւնը ստուերէն դուրս բերելու եւ ազատականացնելու իշխանութիւններուն եւ հանրութեան փափաքով: Թերթը կը մանրամասնէ, որ Հայաստանի նոր խորհրդարանը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստեղծած են փտածութեան կանխարգելման յանձնաժողով մը եւ իրական հսկողութիւն կազմակերպած պաշտօնեաներու եկամուտներուն ու ծախսերուն վրայ: 346 փտածութեան պարագաներու բացայայտման իբրեւ արդիւնք՝ պիւտճէին վերադարձուած է 105 միլիոն տոլար՝ եօթը անգամ աւելի, քան այդ ճանապարհով վերադարձուած գումարները վերջին 11 տարիներուն ընթացքին: Երկրին մէջ ստուերային տնտեսութեան կրճատման միտում կը նկատուի, թէեւ անիկա մօտաւորապէս 20 տոկոսով զգալի է: