ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, 11 Փետրուարին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը։
Ողջունելով Յորդանանի թագաւորին այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ կաթողիկոսը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այս այցելութիւնը առաւել կը զօրացնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները՝ մեծապէս նպաստելով հետագայ սերտ գործակցութեան:
Վեհափառը ուրախութեամբ հաստատեց հայ համայնքին եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան նկատմամբ Յորդանանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերումը՝ իբրեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու լաւագոյն դրսեւորում:
Զրոյցին ընթացքին կաթողիկոսը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակները Յորդանանի մէջ կրցած են վերագտնել իրենց բնականոն կեանքը՝ ապագային հանդէպ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ իրենց օգտաշատ ներդրումը բերելով երկրին յառաջընթացին:
Անդրադառնալով պատմական հանգամանքներու բերումով ձեւաւորուած հայկական մեծ Սփիւռքին եւ զանազան մշակոյթներու ու կրօններու կողքին ապրելու իրողութեան՝ Գարեգին Բ. մեծապէս կարեւորեց նաեւ սերտ համագործակցութիւնը տարբեր երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներուն միջեւ՝ կրօնական զգացումներու չարաշահումներէ, այդ հիմքով հակամարտութիւններէ եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներէ հասարակութիւնները զերծ պահելու համար: Այս առումով կաթողիկոսը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Յորդանանի հայ համայնքին կեանքը կրնան եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան լաւագոյն օրինակը ըլլալ բազմաթիւ ազգերու համար՝ քրիստոնէութիւն-իսլամ եւ այլ միջկրօնական յարաբերութիւններու կառուցման առումով:
Իր կարգին, թագաւորը ուրախութիւն յայտնեց Էջմիածինի նման վայրի մը մէջ գտնուելուն համար եւ խօսեցաւ մասնաւորաբար քրիստոնեայ ու իսլամ ժողովուրդներուն փոխյարաբերութիւններուն մասին։ Անդրադառնալով հայ գաղութներու կարեւոր դերակատարութեան՝ Յորդանանի եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ՝ թագաւորը յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի հետ կապերու զարգացումով կը զօրանայ նաեւ Յորդանանի հայ համայնքը: Յորդանանի թագաւորը վերահաստատեց նաեւ իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու զօրակցութիւնը Հայոց եկեղեցւոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան:
Ան նշեց, որ Հայաստան եւ Յորդանան համագործակցութեան բազմաթիւ կարելիութիւններ ունին եւ այդ յարաբերութիւններուն զարգացման առումով Յորդանանի թագաւորութիւնը իր հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի յաջորդ հարիւրամեակը:
Ապտալլա Բ. թագաւորը նաեւ մտահոգութեամբ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին, քրիստոնէական ներկայութեան նուազման հարցին եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ հայ գաղութին մասին՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ցուցաբերել անհրաժեշտ զօրակցութիւնը հայկական քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման ուղղութեամբ: