ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նստավայրին մէջ, 11 Փետրուարին տեղի ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն համագործակցութեան ներուժին վերաբերող հարցեր, յատկապէս զբօսաշրջութեան, կրթութեան, գիտութեան, արհեստագիտութիւններու, անվտանգութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ։
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ արդէն իսկ գործող ուսանողներու փոխանակման ծրագիրին ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան բացումը երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն՝ Երեւանի եւ Ամմանի միջեւ:
Նախագահը նաեւ յայտնեց, որ Յորդանանի թագաւորին Հայաստան այցելութիւնը պատմական է։ «Ես կարծում եմ, որ սա պատմական այց է ոչ միայն այն իմաստով, որ նորին մեծութիւնն առաջին անգամ է Հայաստան այցելում, այլ նաեւ այն իմաստով, որ երկու երկրների, ժողովուրդների բարեկամութիւնը հարիւրամեակների, մի գուցէ, հազարամեակների պատմութիւն ունի: Սա ինձ համար լաւ հնարաւորութիւն է որպէս հայ՝ իմ երախտիքը յայտնել ձեր ժողովրդին եւ ձեր ընտանիքին, որովհետեւ մենք բոլորս յիշում ենք, որ ձեր ապուպապը 100 տարի առաջ արաբական աշխարհին ուղերձ ուղարկեց՝ խնդրելով ապաստան տալ այն հայերին, որոնք փրկուել էին Ցեղասպանութիւնից: Ցանկանում եմ գլուխ խոնարհել ձեր ընտանիքի եւ ձեր նախնիների առջեւ, նաեւ ցանկանում եմ մեր ժողովրդի կողմից ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։
Նախագահը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ երկու երկիրներուն ժողովուրդները հին են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը, բայց եւ այնպէս անոնք ոչ միայն լաւ յարաբերութիւններու մէջ են, այլ միասին շատ բան ընելու կարողականութիւն ու պատրաստակամութիւն ունին։ Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ այն ներուժը, որուն կրնան ապագային հասնիլ երկու երկիրները, շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ, քան է այժմ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան բարձրացուց Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Յորդանան մուտքի արտօնագիրի դրութեան վերացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ կրկնակի հարկումը բացառելու մասին պայմանագիրի ստորագրութեան հարցը:
Յորդանանի թագաւորը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ երկու երկիրները կամրջուած են լաւ բարեկամութեամբ եւ պատմութեամբ՝ աւելցնելով, որ մեծ յարգանք կը տածեն ամենահին քրիստոնեայ եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ նաեւ ներկայութիւն է Յորդանանի մէջ՝ անցեալին, ներկայիս եւ ապագային։
«Մեր երկիրները եւ ժողովուրդները իրենց ուրոյն տեղը ունին ժամանակակից աշխարհին մէջ՝ մնալով հաւատարիմ իրենց ինքնութեան, մշակոյթին եւ հաւատքին: Յորդանան, ինչպէս Հայաստան, իր մարդկային դրամագլուխը վերածեց դէպի զարգացում տանող հիմնական շարժիչ ուժի: Մեր երկիրները համագործակցութենէն քաղելու շատ բան ունին, որպէսզի գործնականացնեն այս շատ խոստումնալից ներուժը», նշեց ան:
Յորդանանի թագաւորը ընդգծեց, որ հազարաւոր յորդանանցիներ արմատներով Հայաստանէն են, անոնք տարբեր երկիրներու մէջ պատիւ կը բերեն եւ կենսական դերակատարութիւն ունին արուեստի, կրթութեան, հանրային ծառայութեան, գործարարութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ: «Անոնք կը հանդիսանան այն հենքը, որուն վրայ մեր բարեկամութիւնը կը շարունակէ զարգանալ», դիտել տուաւ Ապտալլա Բ. թագաւորը։