ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) խուզարկութիւն կատարեց Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանի գրասենեակին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցեցին ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնէն: Մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։
Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի օգնական-մամլոյ քարտուղար Ջեմմա Համբարձումեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, ինք եւս տեղեկութիւն չի կրնար հաղորդել: Միայն յայտնեց, որ խուզարկող մարմինը արգիլած է որեւէ նկարահանում իրականացնել տարածքին մէջ: