ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի նախագահի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը։ Այս մասին ան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ տեղեկացնելով, որ որոշումը տրուած է իր գլխաւորած Արցախի պահպանողական կուսակցութեան (ԱՊԿ) արտակարգ համագումարին եւ խորհուրդի նիստին ընթացքին:
«Համագումարի եւ խորհրդի նիստի որոշումների համաձայն Արցախի պահպանողական կուսակցութիւնը մասնակցելու է խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններին‘ ԱՊԿ առաջնորդ Դաւիթ Բաբայեանի գլխաւորութեամբ», կը գրէ Բաբայեան:
Նշենք, որ ցարդ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուելու մասին յայտարարութիւն հրապարակած են Վահան Բադասեան, Վիտալի Բալասանեան, Քրիստին Բալայեան, Աշոտ Ղուլեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Դաւիթ Իշխանեան, Հայկ Խանումեան եւ Մասիս Մայիլեան: