Անցնող շաբաթավերջին, հակառակ Վիեննայի գաղութին փոքրաթիւ ըլլալուն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լեհաստանէն առաւել քան 50 երիտասարդներ մասնակցեցան Հայ Դատի ժամանակակից հարցերու եռօրեայ դասընթացքին, որ կը կրէր Haytadology խորագիրը: Դասընթացքը կազմակերպուած էր Աւստրիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, Հայաստանի դեսպանատան կից գտնուող «Հայաստան» սրահին մէջ:
Շատ լաւ կազմակերպուած, խտացեալ բարձրորակ այս դասընթացքը հասաւ իր թիրախին. հայ երիտասարդին առաջին այս հանգրուանին փոխանցել էական, տարրական գիտելիքներ՝ Հայ Դատի ամբողջ թղթածրարին գծով, նպատակ ունենալով Եւրոպա ապրող հայ երիտասարդին «զինել» պէտք եղած տուեալներով, կազմաւորել զայն, որպէսզի ան, հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ կարենայ ճշգրիտ ձեւով, ինքնավստահ ու վաւերական հիմնաւորումներով արծարծել ու խօսիլ Հայ Դատին վերաբերող որեւէ նիւթին մասին, տիրապետելով անոր:
Եռօրեայ դասընթացքները, որոնք ընթացան առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9, ընդգրկեցին հայոց ժամանակակից պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախեան հակամարտութեան ու խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին, եւրոպահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու, քարոզչական-յարաբերական մարզի, Հայաստան-Եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններու, Հայ Դատի ներկայի հոլովոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց, Հայ Դատի գծով Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն վերաբերող զեկուցումներ, ապա անոնց շուրջ տեղի ունեցան հաւաքական քննարկում-զրոյցներ եւ աշխատանքային գործնական զանազան վարժութիւններ:
Վերոյիշեալ նիւթերը փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ գործիչ Հրաչ Վարժապետեան, ՀՅԴ «Վարանդեան» առանձնակի կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան եւ Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, իսկ առցանց իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներէն Արամ Համբարեան:
Դասընթացքին աւարտին իւրաքանչիւր մասնակիցի յանձնուեցաւ մասնակցութեան հաստատագիր: