Հայկական բանակի հիմնադրութեան 28ամեակին առթիւ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպած էր 30 Յունուարին. «Սերքլ Նասիոնալ տեզ Արմէնի» պատուոյ սրահին մէջ: Հանդիսաւոր ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Մհեր Մանուչարեանի հրաւէրով: Շուրջ հարիւր բարձրաստիճան զինուորականներ՝ Ֆրանսայի բանակի ներակայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդներ ներկայ գտնուեցան այս հանդիսութեան: Ներկայ էր նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հոծ բազմութիւն մը։
Երեկոյթին բացումը կատարեց տիկին Տոլմաջեան, որ յատկապէս ընգծեց կարեւորութիւնը հայոց բանակին, իբրեւ հայկական պետականութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորողը, որ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք կազմաւորուեցաւ եւ դիմակայեց Ատրպէյճանի յարձակումներուն, յաղթանակներ արձանագրեց Արցախեան ճակատին վրայ:
Ցուցադրուեցաւ նաեւ բանակին նուիրուած տեսանիւթ մը։
Առաջին անգամն էր, որ Հայկական բանակի օրը կը նշուէր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ: Նախաձեռնութիւն մը, որ կը համախմբէր բովանդակ հայ համայնքը, առանց բացառութեան, անկախ իւրաքանչիւրի քաղաքական հակումներէն։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»