ՄԱՏՐԻՏ, «Արմէնփրէս».- UNWTO զբօսաշրջութեան չափորոշիչի տուեալներու գրասենեակը հրապարակած է ՄԱԿի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան տուեալները, ըստ որոնց, աշխարհի ամէնէն արագ զարգացող երկիրներու շարքին 12րդ դիրքը կը գրաւէ Հայաստան՝ 14.4 տոկոս աճով։ Այսպիսով, անիկա կը նկատուի աշխարհի ամէնէն արագ աճող զբօսաշրջութեան ուղղութիւններէն մէկը։
Ըստ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկոյցին՝ մեծագոյն աճը արձանագրած է Միանմար՝ 40.2 տոկոս: Դրացի պետութիւններէն միայն Իրանը գերազանցած է Հայաստանը՝ գրաւելով երրորդ տեղը՝ 27.9 տոկոս աճով: ԵԱՏՄ պետութիւններու կարգին Հայաստան անվիճելի կերպով առաջատար է, անոր կը յաջորդէ միայն Ղազախստանը (20րդ դիրք՝ 10 տոկոս աճով):
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Հայաստանէն աւելի վարի դիրքերուն վրայ են՝ համապատասխանաբար 13րդ եւ 17րդ տեղերը, 14 եւ 11.4 տոկոս աճով: