Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան), «Հայութեան Երկունքը», պատրաստողներ՝ Վլատիմիր Ղազախեցեան, Ռուբէն Գասպարեան, Ռուբէն Սահակեան եւ Համօ Սուքիասեան, քարտէսներու հեղինակ՝ Գեղամ Պատալեան, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 769 էջ:
– Ալաճաճի Սիլվիա Անժելիք, «Երաժշտութիւնը Եւ Հայկական Սփիւռքը. Տան Փնտռտուք Աքսորավայրին Մէջ», «Միջին Արեւելքի Եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Ժողովրդային Մշակոյթ» մատենաշար, Ինտիանայի համալսարանի հրատարակչութիւն, ԱՄՆ, 2019, անգլերէն:
– Արփիարեան Արփիար, «Կարմիր Ժամուց», հայերէնէ թարգմանեց Հերվէ Ժորժելին, ներկայացումը եւ ծանօթագրումը՝ Ժան-Փիեռ Քիպարեանի, հրատարակիչ՝ Գրքասէրներու «Անի» ընկերութիւն, Փարիզ, Հոկտեմբեր 2019, ֆրանսերէն:
– Գալայճեան-Պլանթ Էշլի, «Անունս Վրէժ Է. Վիպակ Եւ Յօդուածներու Ժողովածու», Spineless Wonders Publishing Pty Ltd., Փետրուար 2019, 156 էջ (13.1 x 20.1 սմ., 17 Դեկտեմբեր 1980ին Սիտնիի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսի ու անոր թիկնապահի սպանութեան մասին վիպակ, անգլերէն):
– Գուլակեան Յասմիկ, «Երուանդ Քոչար. Հաւատամք», «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 60 + 8 էջ (14.5 x 20.1 սմ., տաղանդաւոր քանդակագործը իբրեւ արուեստի եւ մշակոյթի տեսաբան, Քոչարի ստեղծագործութիւններու 8 էջ գունաւոր լուսանկարներ): Գրքոյկը «հրատարակուել է համակիր ընկերների հովանաւորութեամբ»:
– Գրիգորեան Մեսրոպ արք., «Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Ծառայութեան Մէջ 1860-1908», «Աշխարհի Կայսրութիւններ» մատենաշար, «Ռութլեճ» գրատան հրատարակչութիւն, Նոյեմբեր 2019, 164 էջ (15.6 x 22.6 սմ., վերահրատարակութիւն 1977 թուականի հրատարակութեան, անգլերէն):
– Էլիըթ Ուենտի, «Քաջութիւնն Ու Գթասրտութիւնը Խենթացած Աշխարհի Մը Մէջ. Մարդասիրութիւնը Թալասի Մէջ, Թուրքիա, 1908-1923», յառաջաբանը՝ Կամօ Մայիլեանի, «Կոմիտաս» հիմնարկ, Լոնտոն, 2018, 14 + 406 էջ (Կեսարիոյ մօտակայ Թալաս աւանին մէջ օտար միսիոնարներու մարդասիրական առաքելութեան մասին, քարտէսներ, լուսանկարներ, եզրոյթներու եւ տեղանուններու բացատրութիւններ, ծանօթագրութիւններ, ընտրուած կենսագրութիւններ, առարկայացանկ եւ այլն, անգլերէն):
– Էօնոլ Օնուր, «Ցարին Հայերը. Կայսերական Ռուսիոյ Վերջին Շրջանի Փոքրամասնութիւն Մը», «Արդի Ռուսիոյ Գրադարան» մատենաշար, I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Հոկտեմբեր 2019, 288 էջ (Անգարայի Պիլքենթ համալսարանի աշխատակիցը կը գրէ 20րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն Ռուսիոյ հայոց եւ իշխանութիւններու փոխյարաբերութեանց մասին, անգլերէն):
– Լաթանզի Ֆլաւիա, Փիսթոլա Էմանուէլլա (խմբագիրներ), «1915-1916ի Հայկական Կոտորածները Հարիւր Տարի Ետք. Բաց Մնացած Հարցումներ Եւ Փորձնական Պատասխաններ Ըստ Միջազգային Իրաւունքի», «Իրաւունքի Եւ Արդարադատութեան Պատմութեան Ուսումնասիրութիւններ» մատենաշար թիւ 15, «Սփրինկըր» հրատարակչութիւն, Յունուար 2019, 332 էջ (15.4 x 23.2 սմ., ուսումնասիրական յօդուածներ, անգլերէն):
– Լատերման Շարլի, «Բաժնեկցելով Բեռը. Հայկական Հարցը, Մարդասիրական Միջամտութիւնը Եւ Համաշխարհային Կարգի Անգլօ-Ամերիկեան Տեսիլքները», «Միջազգային Պատմութեան Օքսֆորտեան Ուսումնասիրութիւններ» մատենաշար, Օքսֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Հոկտեմբեր 2019, 336 էջ (Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անգլօ-ամերիկեան մարդասիրական առաքելութիւններու դերը անոր հետեւանքներու վերացման մէջ, անգլերէն):
– Լէահի Քէյթ, Զատա Արա եւ Լի Ճոն, «Լաւաշ. Հայաստանի Հացը, Որ 1000 Ճաշ, Առաւել՝ Աղցաններ, Շոգեխաշած Եւ Ուրիշ Ուտելիքներ Թողարկեց», «Քրոնիքըլ Պուքս» հրատարակչութիւն, Հոկտեմբեր 2019, 248 էջ (գունաւոր լուսանկարներ, անգլերէն):
– Խաչիկեան Վահէ, «Թրքական Բնազդը Կամ Ցեղասպանութեան Փառաբանումը. Արմատական Իսլամը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», «Էքսլիպրիս» հրատարակչութիւն, Մայիս 2018, 274 էջ, անգլերէն):
– Խարալամպիտես Եաննիս, «Պատերազմի Բռնկումը. Վարձկաններու Կարգավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մէջ Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքը», հրատարակիչ՝ «Լետրա գոլեճ եւ Եւրոպական եզրային քաղաքականութեան ու ներդրումային խորհուրդ», Ապրիլ 2016, 136 էջ (14.6 x 20.9 սմ., անգլերէն):
– Կիպպընս Հելեն Տէյվընփորթ եւ Աբգար Տիանա, «1909ի Հայկական Ջարդերը», վերահրատարակութիւն, «Սոֆեն» հրատարակչութիւն, Յուլիս 2019, 201 էջ (Կիլիկիոյ 1909ի ապրիլեան ջարդերու ականատեսներու վկայութիւններ, անգլերէն):
– Կութման Տէյվիտ Ի., «Դէպի Հիւսիսային Ամերիկա Հայկական Գաղթի Քաղաքականութիւնը 1885-1915. Այցելուներ, Մաքսանենգներ, Կասկածելի Քաղաքացիներ», «Օսմանեան Կայսրութեան Մասին Էտինպուրկեան Հետազօտութիւններ» մատենաշար, Էտինպուրկի համալսարանի հրատարակչութիւն, Էտինպուրկ, Օգոստոս 2019, 272 էջ, անգլերէն:
– « «Հայ-Ֆրանսիական Գրապատմական Առնչութիւններ» Գիտական Նստաշրջան», գլխաւոր խմբագիր՝ Սուրէն Դանիէլեան, հրատարակիչներ՝ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունք, Վ. Պարտիզունու անուան Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ նրա դասաւանդման մեթոդիկայի ամբիոն, «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կենտրոն, «ՎՄՎ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 144 էջ (14.5 x 20.4 սմ., գիտաժողովին ընթերցուած զեկուցումները): Ժողովածուն տպագրութեան երաշխաւորած է Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀի բանասիրութեան բաժանմունքի խորհուրդը:
– Միշել Թուսան, «Բրիտանական Կայսրութիւնը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Լոնտոն, Դեկտեմբեր 2019, 320 էջ, անգլերէն:
– Յարութիւնեան Հերի, «Չըսուածը Իբրեւ Ժառանգութիւն. Հայկական Ցեղասպանութիւնը Եւ Անոր Անհաշուելի Կեանքերը», Տիւք համալսարանի հրատարակչութիւն, Տիւք, Հիւսիսային Գարոլայնա, ԱՄՆ, Նոյեմբեր 2019, 208 էջ (Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վերապրող իր ծնողներու պատումներուն ընդմէջէն հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ Ցեղասպանութեան պատմական յիշողութիւնը ինչպէս կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, անգլերէն):
– Նաթալի Շահան, Թեհլիրեան Սողոմոն, Արմէն Գարօ, Նաթալի-Մանուկեան Սիլվիա, Մանուկեան Արա Գ., «Դաւաճանութիւն. Խոստումը Երբեք Չպահպանուեցաւ. Ցեղասպանութիւնը Եւ Արեւմուտքի Գաղտնի Պատերազմը Նաւթի Համար», «Շահան Նաթալիի ընտանիքի հիմնադրամ»ի հրատարակութիւն, Լոս Անճելըս, Ապրիլ 2019, անգլերէն:
– Նալպանտեան Ցոլին, «Հայերը Սփիւռքէն Անդին. Լիբանանը Սեփական Դարձնել», «Այլընտրանքային Պատմութիւններ» մատենաշար, Էտինպուրկի համալսարանի հրատարակչութիւն, Էտինպուրկ, Յունուար 2020, 192 էջ (Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան եւ համարկման խնդիրներուն մասին՝ լիբանանահայ գաղութին օրինակով, անգլերէն):
– Պուրտեթ Անիթա Լ. Փ. (կազմող եւ խմբագիր), «Հայաստան. Քաղաքական եւ Ազգային Սահմաններ 1878-1948», Բ. հրատարակութիւն, Քեմպրիճի համալսարանի հրատարակչութիւն, Դեկտեմբեր 2019, 1000 էջ (19.6 x 27.2 սմ., Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւին մէջ Հայաստանին ու Հայկական Հարցին վերաբերող փաստաթուղթեր եւ քարտէսներ. վաճառքի գինը՝ 930 ամերիկեան տոլար… անգլերէն):
– Պօղոսեան Սամուէլ, Յովհաննիսեան Էտկար եւ ուրիշներ, «Հայկական Զինուժը Առաջին Աշխարհամարտի Տարիներին», խմբագիր՝ Ալպերթ Խառատեան, «Վան Արեան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 144 էջ (14 x 19.8 սմ., Ծաղկաձորի մէջ 2-3 Մարտ 2019ին տեղի ունեցած գիտաժողովի ելոյթներու հաւաքածուն): Գիրքը հրատարակութեան երաշխաւորած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական մանկավարժական համալսարանի Պատմութեան եւ իրաւագիտութեան բաժանմունքի խորհուրդը:
– «Վահան Թէքէեան. Բաբախումները Բանաստեղծին Սիրտին», պատրաստեց եւ խմբագրեց Յակոբ Տիւնեայեան, «Ծաղիկ» գրական հանդէսի մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2019, 271 էջ (17 x 24 սմ., հանդէսին կազմակերպած եւ Հայ բանաստեղծութեան իշխանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած չորս հանդիսութեանց նիւթերը, ողջոյնի խօսքեր, վկայութիւններ Թէքէեանի մասին, Թէքէեանի 36 բանաստեղծութիւններ, գունաւոր լուսանկարներ): Լոյս տեսած է Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ:
– Րաֆֆի, «Ճալալէտտին», հայերէնէ թարգմանեցին Պէյոն Միլոյեանը եւ Քիմպըրլի ՄըքՖարլէյնը, «Սոֆեն» հրատարակչութիւն, Մարտ 2019, 88 էջ, անգլերէն:
– Քասունի Երուանդ, «Մտորումներ Սփիւռքահայ Գրականութեան Անդաստանի Սեմին», տպագրութիւն «Քեստենեան», Պէյրութ, 2019, 184 էջ (17 x 24 սմ., հեղինակի՝ Պէյրութի «Ջանասէր» պարբերաթերթի իր խմբագրած ժամանակաշրջանին (1991-2007), նաեւ «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հրապարակումները սփիւռքահայ գրականութեան մասին, յաւելուածներ, Երուանդ Քասունիի կենսագրութիւնը եւ անոր գիտական-հրապարակագրական հրատարակութիւններու ցանկը): ժողովածուն նուիրուած է «Հայ Դպրութեան անդաստանի գալիք սերմնացաններուն՝ մաղթելով բարեբեր հող եւ հոգատար երկինք»:
Յ. Գ. Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Լուսինէ Գասպարեանին (Նիւ Եորք)՝ անգլերէն գիրքերու մեծ մասին մատենագիտական տուեալները մեզ տրամադրելու համար: