ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերուն 30րդ տարելիցին առիթով, ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն միացան նաեւ (ստորագրեցին) ԵԽԽՎի շարք մը երեսփոխաններ՝ զանազան երկիրներէ եւ զանազան քաղաքական խումբերէ:
Յայտարարութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ 13-19 Յունուար 1990ին, Խորհրդային Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ապրող հարիւր հազարաւոր հայեր ենթարկուեցան զանգուածային ջարդերու, ազգութեամբ հայ բնակչութեան դէմ եղան կազմակերպուած յարձակումներ, ինչ որ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դրսեւորումն էր: Հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցան, հետապնդուեցան եւ տեղահանուեցան: Ոչնչացման սպառնալիքի տակ գտնուող շուրջ 250,000 հայեր ստիպուած եղան Ատրպէյճանէն փախուստի դիմելու:
«Բաքուի ջարդերը դարձան հայերի հանդէպ ռասիզմի (ցեղապաշտութեան) եւ այլատեացութեան (հայատեացութեան) պետական քաղաքականութեան գագաթնակէտը: Հակառակ միջազգային հանրութեան, մարդու իրաւունքներով զբաղուող միջազգային կազմակերպութիւնների եւ Եւրախորհրդարանի (1988, 1990, 1991թթ. բանաձեւերի) արձանագրած փաստերի՝ Ադրբեջանի իշխանութիւնները հերքում են այս յանցագործութիւնները, խուսափում են պատասխանատուութիւնից: Այդ վայրագութիւններից 30 տարի անց չկայ յարգանք եւ կարեկցանք Ադրբեջանում հայկական ջարդերի զոհերի հանդէպ: Այն ադրբեջանցիները, ովքեր փորձեցին խօսել ջարդերի մասին, պաշտօնապէս համարւում են դաւաճաններ: Այս կապակցութեամբ, մենք՝ ոգեկոչում ենք Բաքուի ջարդերի զոհերի յիշատակը, դատապարտում ենք ռասիզմի եւ այլատեացութեան ցանկացած դրսեւորում, վերահաստատում ենք, որ մարդկութեան հանդէպ գործած յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունեն, եւ շեշտում ենք, որ նախկինում գործած յանցագործութիւնների դատապարտումն ամենակարեւոր երաշխիքն է նոր յանցագործութիւնները կանխելու համար, դատապարտում ենք, որ ջարդերի կազմակերպիչները եւ հրահրողները դեռեւս պատասխանատուութեան չեն ենթարկուել», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: