ԷՆՍԻՆՕ.- Երեքշաբթի, 28 Յունուարին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանը այցելեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ հանդիպում ունեցաւ վարժարանիս 11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտներուն հետ:
Իշխան Սաղաթէլեանին կ՛ընկերակցէին շրջանիս ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Ռոստոմ» կոմիտէի անդամներ:
Սաղաթէլեան նախ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները՝ Հայկական Բանակի օրուան առիթով, ապա հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
Զեկուցումէն ետք, առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն հարցումներ հարցնելու, որոնց սիրայօժար եւ սպառիչ պատասխաններ տուաւ օրուան հիւրը:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)