ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 30 Յունուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըս գաւառի Հաշմանդամներու յանձնաժողովի անդամ եւ Modern Support Services ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճեք Տարաքճեանի, որուն կ՛ընկերակցէր Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան։
2020ը «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու» տարի հռչակելու Արամ Ա. կաթողիկոսի որոշումին լոյսին տակ, Տարաքճեան եկած էր ներկայացնելու Լոս Անճելըս գաւառի մատուցած ծառայութիւնները՝ յատուկ կարիք ունեցող անհատներուն։ Հաշմանդութիւն ունեցող անհատներու կեանքը բարելաւող եւ իրենց ապագային համար օգտակարութիւն, աջակցութիւն եւ ծառայութիւն մատուցող ընկերութիւն մըն է նաեւ Modern Support Services-ը։
Առաջնորդ սրբազանը դրուատեց հիւրին յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ յաջորդող շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին, Տարաքճեան այս նախաձեռնութեան ծառայութիւնները ծանօթացնէ նաեւ մեր համայնքին՝ առաջնորդարանին եւ եկեղեցիներու միջոցաւ։
Առաջնորդը այս առիթով նաեւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց Քասախեանին, որ թեկնածուներէն է 3 Մարտին տեղի ունենալիք Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց։