ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 31 Յունուարին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջեկեղեցական համագումարին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու եւ միջեկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորէայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն։
Հայրապետը, որ նախաձեռնողն է համագումարին, պաշտօնական բացումը կատարելով՝ ըսաւ. «Միջեկեղեցական շարժումը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց աշխարհի մը մէջ, որ արմատական ու մնայուն փոփոխութեան մէջ է: Հետեւաբար, պահելով հանդերձ իր հիմնական ուղղութիւնը ու նպատակը՝ անհրաժեշտ է, որ միջեկեղեցական շարժումը կարենայ քայլ պահել յարափոփոխ պայմաններուն եւ առաջնահերթութիւններուն հետ՝ առնչուած ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս եկեղեցիներու կեանքին եւ առաքելութեան»: Ապա վեհափառը ներկայացուց օրակարգի հարցերը, համագումարի աշխատանքներուն ընթացքը եւ հանգրուանները ու իր սպասումը համագումարէն:
Ընտրուեցան երկու համաատենապետներ եւ համագումարին յայտարարութիւնը խմբագրելու կոչուած յանձնախումբ մը: Համագումարին առաջին դասախօսութիւնը տուաւ վեհափառը։
Շուրջ ժամ մը տեւած դասախօսութեան ընթացքին վեհափառը ընդհանուր գիծերու մէջ նախ պարզեց միջեկեղեցական շարժումին ներկայ կացութիւնը՝ դրական ու բացասական երեսներով, յառաջացած տագնապներով եւ երեւան եկող նոր երեւոյթներով: Կաթողիկոսըը իր դասախօսութիւնը բաժնեց չորս մարզերու:
Առաջին բնագաւառին մէջ վեհափառը իր խօսքը կեդրոնացուց եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Դասախօսութեան երկրորդ բաժնին մէջ հայրապետը անդրադարձաւ միջեկեղեցական շարժումը իր կառոյցներէն դուրս բերելու եւ դէպի ժողովուրդ ուղղելու հրամայականին:
Երրորդ բաժնին մէջ Արամ Ա. խօսեցաւ միջեկեղեցական շարժումին երկու տարածքներուն մասին՝ շարժում եւ համախմբում:
Դասախօսութեան վերջին բաժնին մէջ կաթողիկոսը զանազան մօտեցումներով պարզեց համայնական նոր տեսլականի մը իր պատկերացումը:
Վեհափառին դասախօսութենէն ետք յաջորդող նիստերուն հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին գլխաւոր եկեղեցիներու եւ շրջանային խորհուրդներու ներկայացուցիչները: