ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի մէջ պաշտօնապէս նշուեցաւ պաշտպանութեան բանակի ճարտարագիտական-սակրաւորային զօրամասերէն մէկուն հիմնադրութեան 25ամեակը, որուն ներկայ էին բանակի առաջին փոխհրամանատար զօր. Միքայէլ Արզումանեան, բարձրաստիճան զինուորականներ ու ազատամարտիկներ, մայրաքաղաքի թիւ 4 հիմնական դպրոցի աշակերտներ, որոնք ներկայացած էին յատուկ զինուորներուն համար պատրաստուած նուէրներով:
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ զօրամասին փառաւոր անցեալին, նշուեցաւ այն առանցքային դերակատարութեան մասին, զոր այսօր ունի ստորաբաժանումը մեր երկրի պաշտպանական համակարգի ամրապնդման գործին մէջ. ընդգծուեցաւ, աւանդոյթներուն հաւատարիմ մնալով հանդերձ, նոր ձեռքբերումներու հասնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ճարտարագիտական-սակրաւորային զօրամասը իր 25ամեայ պատմութեան ընթացքին անցած է դժուար ճանապարհ: Զօրամասին զինուորները տեղադրած եւ վնասազերծած են տասնեակ հազարաւոր ականներ, ստեղծած ճարտարագիտական արգելափակոցներու յուսալի համակարգ, կառուցած ռազմական նշանակութիւն ունեցող ուղիներ եւ իրականացուցած ճարտարագիտական ապահովման համալիր միջոցառումներ:
Զօրամասը յաճախ նկատուած է լաւագոյնը բանակին եւ զինուած ուժերուն մէջ, բարդագոյն մարտական խնդիրներ իրականացուցած է ապրիլեան պատերազմին եւ յատկապէս անկէ ետք երկարող ժամանակաշրջանին, որոնք պաշտպանութեան գօտիի բոլոր ուղղութիւններով մինչեւ օրս կը շարունակեն աշխատիլ:
Զօրամասի տարեկան տօնին նուիրուած հանդիսութեան ա-ւարտին հրապարակուեցան բանակին եւ զօրամասին հրամանատարներուն հրամանները, որոնց համաձայն՝ քաջալերուած են շարք մը գործող եւ նախկին զինուորականներ:
Նշենք, որ տօնական միջոցառումը եզրափակուեցաւ ցուցադրական մարզումներու ներկայացումով: