ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Փետրուարին, աշխատանքային այցելութեամբ Թիֆլիս գտնուող Հայաստանի Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ գրասենեակի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտական-կրթական բաժինի պետ Հայկ Ենգիբարեան, Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի առաջնորդութեամբ եւ դեսպանութեան դիւանագէտներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին զանազան կառոյցներ։
Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ անոնք դիմաւորուեցան առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի կողմէ, որ ներկայացուց թեմին գործունէութիւնը, պատմամշակութային կոթողներու պահպանութեան ու վիրահայութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու ճիգերը, կարեւոր նկատեց ազգային մշակոյթի զարգացման, մայրենիի տարածման ուղղուած թեմին ծաւալած աշխատանքները:
Գլխաւոր յանձնակատարը եւ հիւրերը շրջագայեցան 13րդ դարու պատմական Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, իրենց հիացումը արտայայտեցին եկեղեցւոյ գեղեցկութեան, Հովնաթանեաններու տաղանդաւոր ձեռքով կատարուած անկրկնելի որմնանկարներուն գծով:
Ապա հիւրերը ուղղուեցան «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցան կեդրոնի հոգեւոր տեսուչ Կիրակոս քահանայ Սիմոնեանի եւ կեդրոնի աշխատակիցներուն կողմէ: Կեդրոնի ղեկավար Գիսէ Յովսէփեան հիւրերուն ներկայացուց ամենայն հայոց բանաստեղծին անունը կրող կեդրոնի առօրեան, նաեւ խօսեցաւ կեդրոնի գործունէութեան նպատակներուն եւ ուղղութիւններուն մասին: Կեդրոնի ղեկավարը գլխաւոր յանձնակատար Սինանեանին ներկայացուց Թումանեանի 150ամեակին նուիրուած այն ձեռնարկները, որոնք իրականացուած են եւ արձանագրուած են տան պատմութեան էջերուն մէջ, ցուցադրեց հրատարակուած գիրքերը, կտոր-կտոր հաւաքուած եւ սուրբ մասունք դարձած ամենայն հայոց բանաստեղծին իրերը եւ նուէրները:
Յովհաննէս Թումանեանի հասարակական գործունէութեան եւ ընտանիքին մասին խօսեցաւ կեդրոնի աշխատակից Գոհար Մազմանեան: Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարը գրառում կատարեց կեդրոնի տպաւորութիւններու գիրքին մէջ:
2 Փետրուարին Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Լաշա Տարսալիայի հետ, որուն հետ քննարկումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցան հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւնները, զարգացման հեռանկարները: Զարեհ Սինանեան նշեց, որ Վրաստանի հայ համայնքին հետ աշխատանքին ընթացքին իր գրասենեակը կարեւոր կը նկատէ ինքնութեան պահպանումը եւ երկրին հասարակական կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ հայ բնակչութեան ամբողջական համարկումը, հանրային աշխուժութեան մակարդակի բարձրացումը:
Յաջորդ հանդիպումը Հաշտութեան եւ քաղաքացիական հաւասարութեան հարցերու պետական նախարար Քեթեւան Ցիխելաշվիլիի հետ էր, որ ներկայացուց քաղաքացիական համարկման ուղղութեամբ Վրաստանի կառավարութեան ռազմավարութիւնը եւ առաջնահերթութիւնները, իրականացող նախագիծերը եւ յանձնառութիւնները: Քեթեւան Ցիխելաշվիլի նկատել տուաւ, որ ազգային փոքրամասնութիւնները հանրային-հասարակական տարաբնոյթ ոլորտներու մէջ ներգրաւելու առումով՝ կայ զգալի յառաջընթաց՝ աւելցնելով, որ հայ-վրացական սերտ յարաբերութիւնները ոչ միայն աշխարհագրութեամբ պայմանաւորուած են, այլ նաեւ պատմական, մշակութային բազմաթիւ առանձնայատկութիւններով. ան շեշտեց, որ հայերը եւ վրացիները մէկ հողի վրայ կ՛ապրին խաղաղ համակեցութեամբ: Ըստ պետական նախարարին՝ Վրաստանի կառավարութեան համար կարեւոր է ազգութիւններու ամբողջական համարկումը, նաեւ ազգային ինքնութեան պահպանման խրախուսումը: Այս պարունակին մէջ յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ սեփական լեզուի ուսուցման շարունակականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ պետական լեզուի իմացութեան մակարդակի բարելաւումը: Նախարարը շեշտեց, որ հայերուն մօտ ազգային լեզուի պահպանման մեծապէս կը նպաստէ նաեւ Վրաստանի մէջ գործող հայալեզու լրատուամիջոցը։
Զարեհ Սինանեան նշեց, որ Վրաստանի հայ համայնքը իւրահատուկ է եւ միւս համայնքներէն կը տարբերի իր պատմական ենթահողով: Ան ընդգծեց, որ մեզի համար կարեւոր է հայերու ամբողջական ներգրաւուածութիւնը բնակութեան երկիրներու հասարակութիւններուն եւ հանրային կեանքի զանազան բնագաւառներու մէջ՝ նոյն ժամանակ պահպանելով հայ ինքնութիւնը եւ մշակոյթը: Զարեհ Սինանեան պետական նախարարին ներկայացուց նաեւ գրասենեակին գործունէութիւնը եւ ծրագիրները Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան պարունակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր. պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ շարունակելու համագործակցութիւնը։
Այնուհետեւ գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այցելեց Թիֆլիսի թիւ 104 հանրային հայկական դպրոցը, ծանօթացաւ դպրոցի գործունէութեան եւ առօրեային: Աշակերտները հիւրերը ողջունեցին գեղեցիկ ներկայացումով եւ ազգային երգ ու պարով: Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցաւ ուսուցչական կազմին հետ, քննարկուեցան կրթական հարցերը, կարեւոր նկատուեցաւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան, աշակերտներու մասնակցութեամբ Հայաստան պարբերաբար այցելութիւններու կարելիութիւնները:
Սինանեան նաեւ այցելեց «Վրաստան» թերթի խմբագրատունը, ուր թերթին խմբագիր Վան Բայբուրթեան անոր ներկայացուց թերթին գործունէութիւնը՝ յայտնելով, որ անիկա այս տարի պիտի նշէ հիմնադրութեան 100ամեակը: Զարեհ Սինանեան բարձր գնահատեց թերթին առաքելութիւնը եւ գործունէութիւնը:
Յանձնակատարին յաջորդ այցելութիւնը թիւ 103 վրացական դպրոցն էր, ուր կայ հայկական բաժինը: Քննարկուեցան կրթական ոլորտին, հայերէնի դասաժամերու յաւելման եւ ուսուցիչներու ներգրաւման վերաբերող հարցեր։