ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քոսովոյի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող եւ Գերմանիոյ մէջ վերապատրաստուող հայ խաղաղապահները իրենց տեղակայման վայրերուն մէջ կազմակերպեցին Հայաստանի զինուած ուժերու կազմութեան 28րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներ։
Համագործակցող ստորաբաժանումներու ղեկավարները փոխանակեցին խորհրդանշական նուէրներ: