ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Քննչական կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ 30 Յունուարին Արցախի բանակի զինուոր, 2000ի ծնունդ Վահրամ Մկրտիչի Աւագեանի մահուան գծով։
Նշելով, որ Վահրամ Աւագեան իրեն ամրակցուած ինքնաձիգէն կրակոցներ արձակած է իր կրծքավանդակին մէջ եւ ստացած վէրքերէն մահացած է՝ Քննչական կոմիտէի խօսնակ Նայիրա Յարութիւնեան յայտնեց. «Դէպքի առթիւ առաջին կայազօրային քննչական բաժնում Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 110րդ յօդուածի առաջին մասով (Սպառնալիքի, դաժան վերաբերմունքի կամ անձնական արժանապատուութիւնը պարբերաբար նուաստացնելու ճանապարհով անձին անուղղակի դիտաւորութեամբ կամ անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան կամ ինքնասպանութեան փորձի հասցնելը – «Սիվիլնեթ») յարուցուել է քրէական գործ, կատարւում է նախաքննութիւն»։