ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Գերմանական Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեգործական ծրագիրներու պատասխանատու Քարլ Հայնց Շայտէն:
Բարձր գնահատելով Գերմանական Կարմիր Խաչի մարդասիրական ծրագիրները Հայաստանի մէջ՝ նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն գործունէութեան համար, զոր կազմակերպութիւնը ծաւալած է անցած տարիներուն եւ զոր կը շարունակէ մինչեւ օրս:
Քարլ Հայնց Շայտէ ըսաւ, որ իր փափաքն է՝ շարունակել աջակցիլ Հայաստանին, եւ ինք եւ իր համախոհ ընկերները արդէն 18 տարիէ ի վեր կ՛իրականացնեն «Գթութեան խոհանոց» ծրագիրը, որ տարուէ տարի աւելի լայնածաւալ կը դառնայ՝ մեծցնելով շահառուներուն թիւը:
Զրուցակիցները խօսեցան հետագայ ծրագիրներու մասին: Նախագահ Սարգսեան առաջարկեց մտածել առանձին փոքրիկ տնտեսութիւն հիմնելու գաղափարին մասին, որ կարելիութիւն պիտի տայ օգտագործելու սեփական արտադրանքը, ստեղծելու նոր աշխատատեղեր՝ ծրագիրը դարձնելով ինքնաբաւ եւ կայուն: Քարլ Հայնց Շայտէ առաջարկը ոգեւորութեամբ ընդունեց՝ զայն որակելով հրաշալի գաղափար: