ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ, ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան եւ Գործադիր յանձնախումբին, Կիրակի, 19 Յունուարին նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցը:
Յետմիջօրէին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հրանդ Տինքի, Սարգիս Հացպանեանի, Սեւակ Պալըքճըի եւ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի:
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան մասնակցեցաւ արարողութեան:
Երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Տինքի նահատակութեան նուիրուած տարեկան յուշ-երեկոն: Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան:
Յայտագիրին սկիզբը, ներկայ հոգեւոր հայրերը կատարեցին բացման աղօթքը եւ հոգեհանգիստ՝ Հրանդ Տինքի հոգւոյն համար:
Գլխաւոր բանախօսներն էին՝ «Ակօս» շաբաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, ֆրանսահայ յայտնի իրաւաբան Ռոյ Առաքելեան եւ «Հրանդի Ընկերներ» կազմակերպութեան անդամ Թամար Նալճը:
Միութիւնը այս տարի Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան» շքանշանը շնորհեց Բագրատ Էսդուգեանին: