«Հայկական Ժառանգ» նաւապտոյտը անցնող քսաներկու տարիներուն արդար կերպով դարձաւ հոմանիշը աշխարհացրիւ հայութեան ժամադրավայրի, ուր իրարու հանդիպեցան հինգ ցամաքամասերու վրայ ապրող հայորդիներ, ամբողջ մէկ շաբաթ միասնաբար ապրելով հայ ոգին՝ հաւատքի, մշակոյթի, արուեստի եւ ընկերային կեանքի անմոռանալի փորձառութեամբ:
Արդարեւ, հայրենիքէն, բայց մանաւանդ Միջին Արեւելքէն զանազան պատճառներով իրարմէ բաժնուած եւ Աւստրալիայէն մինչեւ Քալիֆորնիա կայք հաստատած դրացիներ, դասընկերներ եւ բարեկամներ յուզումնախառն գոչիւններով եւ գիրկընդխառնումներով զիրար ողջունած են «Հայկական Ժառանգ» նաւապտոյտին վրայ: Դարձեալ, նոյն ցամաքամասին վրայ, զանազան պատճառներով իրարմէ հեռու ապրող ընտանիքներ, զայն ընտրած են՝ որպէս վերամիանալու եւ մէկտեղուելու իտէալ վայր՝ վերապրելով անցեալի քաղցր ու ջերմ հարազատութիւնը: Վերջապէս, այս նաւապտոյտը նաեւ եղած է հոյակապ առիթ, որ անծանօթ հայորդիներ իրարու ծանօթանան:
Հետեւողական կերպով, անցնող բոլոր տարիներուն նման, նաւապտոյտը հազիւ աւարտած, կազմակերպիչ յանձնախումբը սկսած է յաջորդ տարուան հանդիպման ծրագրումին աշխատանքը: Նուիրեալ անդամ-անդամուհիներու փաղանգը, լրջօրէն քննելով եւ վերարժեւորելով այս վիթխարի ծրագիրը իր բոլոր երեսներով եւ միշտ ականջ տալով մասնակցողներու թելադրութեանց՝ թերութիւնները սրբագրած է, իսկ յաջող յայտագիրրները առաւել եւս ճոխացուցած:
Ահա քսաներկու տարիներու փորձառութեամբ մասնագիտացած «Հայկական Ժառանգ» տարեկան 23րդ նաւապտոյտը, Կիրակի, 12 Յունուարին ճամբայ ելաւ Մայամիէն՝ «Royal Caribbean» փառահեղ նաւուն վրայ, շուրջ 6000 բազմազգի եւ 800 հայազգի զբօսաշրջիկներով: Նաւապտոյտը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հրապուրած էր հայու արիւն ունեցող ամէն տարիքի ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանէն, Աւստրալիայէն, Թուրքիայէն, Իտալիայէն, Զուիցերիայէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Գանատայէն եւ Ամերիկայի զանազան նահանգներէն:
Նաւը սուլեց՝ ճեղքելով Ատլանտեան ովկիանոսի նախ խաղաղ եւ հետզհետէ լեռնացող ալիքները, սուրալով դէպի Հայիթիի Լապատի կղզին, Ճամայիքայի Ֆալմութ ծովեզերեայ քաղաքը, ապա Մեքսիքայի Քոզումել կղզին, ուր զբօսաշրջիկները ըմբոշխնեցին ձմրան եղանակի արեւադարձային գօտիի ջերմութեան բարիքները՝ կիզիչ աւազներուն եւ զմրուխտեայ խաղաղ ջուրերուն մէջ: Իսկ հայ նաւագնացները առաւել եւս վայելեցին նաւապտոյտի յանձնախումբին կարգադրութեամբ ծովափնեայ յատուկ խրախճանքները՝ տոհմիկ երաժշտութեամբ եւ ճաշերով ճոխացած:
Վեց օրերու վրայ տարածուած առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ խորհրդածութեամբ սկսող օրերը հարուստ էին ամէնէն խստապահանջ ճաշակները գոհացնող յայտագիրներով:
Առողջապահական կարեւոր նիւթերու մասին խօսեցան դասախօս բժիշկներ՝ Սամուէլ Պատալեան, Ճան Պիլէզիկճեան, Պերճ Քիլաճեան եւ Հրայր Կարապետեան: Հայ Դատի մասին սպառիչ զեկոյց տուաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, քրիստոնեայ հայ ինքնութեան մասին խօսեցաւ Անուշաւան արքեպիսկոպոսը, Ամերիկայի Հայկական թանգարանի 50ամեակին առթիւ զեկուցեց Պերճ Չէքիճեան, արցախեան «Առան» գինիի ներկայացում եւ մատուցում կատարեց Ալեքս Սարաֆեան, Armenia Uncovered վաւերագրական հետաքրքրական ժապաւէնը ներկայացուց արուեստագէտ Գեւ Օրգեան, իսկ «Վարդանանց դուստրեր»ուն մասին խօսեցաւ Սոնա Մանուէլեան:
Նաեւ ՀՕՄի տարբեր մասնաճիւղերէ եկած անդամուհիներ ունեցան իրենց յատուկ հաւաքները:
Շահեկան այս յայտագիրները առաւել եւս հարստացած էին արուեստի ձեռնարկներով՝ «Սայաթ Նովա» պարախումբի ելոյթներով, Գեւ Օրգեանի թատերական ներկայացումով, եւ մանաւանդ՝ մինչեւ առաւօտեան ժամերը բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծող Ներսիկ ու Արաբօ Իսպիրեաներու եւ Սարինա Քրոսի երգահանդէսներով, ընկերակցութեամբ DJ M-Kay նուագախումբին:
Մշակոյթի այս հաճելի եւ օգտաշատ ներկայացումները նաեւ համեմուած էին պարի դասընթացքներով, նարտիի եւ թղթախաղի ամէնօրեայ մրցումներով, երեւան հանելով տարբեր ձիրքեր:
Նաւապտոյտին ընթացքին, գրախանութը հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւեց որակաւոր հրատարակութիւններով ու յուշանուէրներով:
Խանդավառութեան կիզակէտը հանդիսացաւ բացառիկ անակնկալ մը, երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ տարի «Հայկական Ժառանգ» նաւապտոյտը, առանց փոխելու իր առաքելութիւնը, պիտի որդեգրէ նոր ընթացք մը եւ փոխան ծովապտոյտի պիտի ունենայ հնգօրեայ հաւաք՝ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ: Այս յայտարարութիւնը դիմաւորուեցաւ մեծ ուրախութամբ, ի պատասխան այն իրողութեան, որ յանձնախումբին անդամները միշտ հետամուտ են լսելու ժողովուրդի ձայնը եւ ըստ այնմ ծրագրել, միշտ նշանաբան ունենալով՝ հաճելին, օգտակարը եւ լաւագոյնը մատուցանել իրենց վստահողներուն եւ հետեւորդներուն:
Սրտանց կը շնորհաւորենք 23ամեայ «Հայկական Ժառանգ» նաւապտոյտի ծրագիրը յղացողները, կազմակերպիչները, կամաւորները՝ իրենց անգնահատելի զոհաբերութեան համար, հայ ոգին բորբոքելով բազմահազար հայորդիներու կեանքին մէջ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք «Հայկական Ժառանգ»ին՝ շարունակելու այս անզուգական աւանդութիւնը:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»