Չորեքշաբթի, 22 Յունուարին, Արամ Ա. վեհափառին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ հայ երեսփոխանական խմբակի պետ Յակոբ Բագրատունիի: Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարուհիին:
Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ նախարարն է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Ան ծնած է 1984ին. ինչպէս նախապէս տեղեկեցուցած էինք, ան յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, ապա Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ. աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Ան նաեւ ունի Ծրագիրներու կառավարման վկայական Հայկազեան համալսարանէն: