ԷՆՍԻՆՕ.- 13 Յունուարին, Ֆերահեան Ազգային վարժարան այցելեց վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ ներկայիս 2020ի Միացեալ Նահանգներու մարդահամարի գրասենեակի անդամ Պերճ Չորլեան։
Ան իր վարժարանը վերադարձած էր աշակերտներուն բացատրելու մարդահամարին կարեւորութիւնը ամերիկահայութեան համար։
Չորլեան շեշտեց, որ բոլոր ամերիկահայերը պէտք է մասնակցին մարդահամարին, հայերուն իսկական թիւը կարելի եղածին չափ ճշգրիտ ձեւով արձանագրել տալու համար Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն մօտ, որովհետեւ այդ թիւին համաձայն է, որ կը տրամադրուին շարք մը պետական ծրագիրներու յատկացումները։ Ան շեշտեց, թէ բոլոր հայերը պէտք է Armenian գրեն մարդահամարի հարցարանին վրայ, «սպիտակամորթ» կամ «այլ» ընտրանքներուն փոխարէն։
Ան նաեւ բացատրութիւններ տուաւ ամերիկայութեան ամբողջական համրանքը ապահովելու նպատակով կազմուած յանձնախումբին գործունէութեան մասին։
(Քաղուած Սօսէ Յովաննիսեանի թղթակցութենէն)