Փրեմըս (Նիւ Ճըրզի).- «Մէկ գիւղ» ընկերակցութեան ծիրին մէջ, Դեկտեմբեր 2019ին, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան միջնորդութեամբ՝ «Նորթ Հիլզ» ընկերութեան տնօրէն Արշաւիր Գէորգեան եւ լոսանճելըսաբնակ բարերարներ Ճորճ եւ Խաչիկ Թիթիզեանները Նաւուր համայնքի համագործակցութեան (Consortium) նուիրեցին «Պելառուս» մակնիշի քարշակ մը (tractor)՝ գիւղին կարիքները գոհացնելու համար։
Տաւուշի մարզի «Նավուր համայնքի գիւղատնտեսական սպառողներու միաւորում»ը հիմնուեցաւ 2014ին, համայնքին անասնապահութեամբ զբաղող բնակչութեան անասուններու կերի կուտակման աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով: Այս համագործակցութիւնը ձեռք բերած է գիւղատնտեսական որոշ արուեստագիտութիւն, սակայն աւելի արդիւնաւետ շահագործումի համար կարիքը ունէին նոր քարշակի, որուն ձեռքբերումը համագործակցութեան կարողութենէն վեր էր:
Նաւուրի համագործակցութեան տնօրէն Մհեր Նիկոյան եւ իր աշխատակազմը մեծապէս կը գնահատեն Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղին եւ բարերարներուն աջակցութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը:
Հետեւեալ տասնըմէկ կազմակերպութիւնները մաս կը կազմեն «Մէկ գիւղ» ընկերակցութեան. Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ), «Շէն», բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (COAF), «Զարգացման սկզբունքներ»ը (Development Principles), «Հայ օգնութեան ֆոնտը», «Ուըրլտ Վիժըն Արմինիա»ն, «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ը (ԴՀ) (Teach for Armenia), Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան «Կլոր սեղան» հիմնադրամը (WCC ART), Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (AGBU), «Հայկական Քարիթաս»ը եւ «Դիակոնիա» բարեգործական հիմնադրամը: