Ընդառաջելով Քուէյթի շէյխա Հասսա Սապահի հրաւէրին, 16էն 20 Յունուարին, Հայաստանի նախագահին տիկինը՝ Նունէ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Քուէյթ:
Պետական եւ դիւանագիտական շարք մը հանդիպումներու կողքին, Ուրբաթ, 17 Յունուարին Նունէ Սարգսեան նաեւ հանդիպեցաւ քուէյթահայ համայնքին հետ:
Ան այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարանը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի:
Եկեղեցւոյ մուտքին, Սարգսեան եւ անոր ընկերակցող Հայաստանի դեսպանատան դիւանագիտական ներկայացուցիչները դիմաւորուեցան թեմին կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբին, Ազգային վարչութեան, երեսփոխաններուն, եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ եւ աղ ու հացը ճաշակելէ ետք, եկեղեցւոյ խորանին առջեւ հնչեց Տէրունական աղօթքը: Ապա հիւրը եկեղեցական թափօրով բարձրացաւ Ազգային առաջնորդարան, ուր եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ ներկայ ժողովուրդը միասնաբար երգեցին Հայաստանի քայլերգը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Տիկին Սարգսեանին յուշանուէր մը փոխանցուեցաւ Քուէյթի համայնքին կողմէ:
Հանդիպումը վերջ գտաւ Նունէ Սարգսեանի սրտի խօսքով, որուն մէջ ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց քուէյթահայութեան այս սիրալիր ընդունելութեան համար ապա աւելցուց՝ ըսելով. «Ձեզի ջերմ ողջոյններ բերած եմ Հայաստանի նախագահին, ժողովուրդին եւ երկրին կողմէ: Մենք կ՛ողջունեք եւ բարձր կը գնահատենք Սփռիւքի այս տարածքին մէջ, ձեր կատարած մեծ աշխատանքը, յանուն հայեցի դաստիարակութեան»: Ապա, ան-դրադառնալով սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ հայերուն տար-բերութեան տեսութեան՝ ան կտրականապէս մերժեց նշեալ գաղափարը՝ ըսելով. «Ինծի համար հայը հա՛յ է, ըլլայ ան Սփիւռքի, Արացախի թէ Հայաստանի մէջ»։