ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով զբաղող կազմակերպութիւնը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕն, մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ աշխարհի մէջ լրագրողներու դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն գրեթէ 90 տոկոսը անպատիժ կը մնայ։ Այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Երկրագունդի վրայ սպաննուած լրագրողներուն թիւը 2019ին գրեթէ կրկնակիօրէն պակսած է ու վերջին 10 տարիներուն ամենացած համեմատութիւնը ունի։
2019ին սպաննուած են 56 լրագրողներ, մինչդեռ 2018ին այդ թիւը 99 էր։ 2010-2019ին արձանագրուած են լրագրողներու 894 սպանութիւններ, որ կը կազմէ տարեկան գրեթէ 90 սպանութեան դէպքեր»։
Փորձագէտներ նոյն ժամանակ կը նշեն, որ լրագրողներուն 61 տոկոսը 2019ին զոհուած է այն երկիրներուն մէջ, ուր զինեալ հակամարտութիւններ տեղի չեն ունենար, մինչդեռ 2014ին այդ ցուցանիշը կը կազմէր 33 տոկոս։
ԵՈՒՆԵՍՔՕն եկած է այն եզրակացութեան, թէ լրագրողներ ծայրայեղ վտանգներու կ՛ենթարկուին ո՛չ միայն զինեալ հակամարտութիւններ լուսաբանելու ընթացքին, այլ նաեւ զոհ կը դառնան քաղաքական գործիչներու արարքները, զեղծարարութիւններ եւ իրաւախախտումներ հետաքննելու ընթացքին, յաճախ իրենց իսկ ծննդավայր քաղաքներուն մէջ։ «Ընդհանուր առմամբ, ներկայիս, լրագրողներու դէմ սպառնալիքները սկսած են ուղղուիլ զանոնք լուռ պահելու նպատակին», կը գրէ ԵՈՒՆԵՍՔՕն։