ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա ամբողջական կերպով կ՛աջակցի Վրաստանը ՆԱԹՕի անդամ դարձնելու ջանքերուն՝ աւելցնելով, որ Ֆրանսա եւ Գերմանիա կը փորձեն շրջանցել այս հարցը, որպէսզի չսրեն Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները: Ան այս պնդումը կատարեց գերմանական «Պիլտ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ապրիլ 2019ին, ՆԱԹՕի անդամ երկիրները Ուաշինկթընի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին Վրաստանին եւ Ուքրանիոյ աջակցելու քայլերուն շուրջ:
Իր կարգին, Մոսկուա բազմիցս մտահոգութիւն յայտնած է ՆԱԹՕ-Վրաստանի գործակցութեան սերտացման վերաբերեալ: