ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալական մամուլը կը գրէ, թէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան պիտի չկարենայ մասնակցիլ «Ռոմա»ի յառաջորդ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 26 Յունուարին, Հռոմ քաղաքի երկրորդ խումբին՝ «Լացիօ»ի դէմ: Յոյսեր կան, որ Յունուարի սկիզբը «Թորինօ»ի դէմ մրցումին ընթացքին վիրաւորուած Մխիթարեան՝ մարզադաշտ վերադառնայ 1 Փետրուարին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.