ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար», «Սանաա».- Մինչ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն ռմբակոծել Սուրիոյ զանազան շրջաններ, սուրիական բանակը թիրախ կը դարձնէ անոնց կեդրոնները Հալէպի արեւմտեան բաժինին մէջ եւ կը սաստկացնէ իր զինուորական գործողութիւնները անոնց դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ նահանգին հարաւ-արեւմտեան սահմանները իր վերահսկողութեան տակ առնել եւ Հալէպ-Համա մայր ճամբան վերաբանալ:
Զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ «Նուսրա Ճակատ» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ու անոնց զինակիցներուն կողմէ Հալէպի արեւմտեան թաղամասերը ռմբակոծելով զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ պատճառած են:
Աղբիւրը հաստատեց, որ սուրիական-ռուսական միացեալ պատերազմական օդանաւերը թիրախ դարձուցած են Հալէպի հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան արուարձաններուն մէջ ահաբեկիչներու հրթիռարձակման կեդրոնները:
Սուրիական բանակը Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ բախում ունեցաւ զինեալ խմբաւորումներու հետ, որոնք յարձակեցան Մաարաթ Նուհման շրջանին մէջ ազատագրուած գիւղական շրջանին մէջ տեղակայուած բանակին դիրքերուն վրայ: Ռուսական հաշտութեան կեդրոնը յայտարարեց, որ բախումներուն պատճառով սպաննուած են 40 սուրիացի զինուորներ, իսկ վիրաւորուած՝ 80 ուրիշներ: Սպաննուած են նաեւ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու մօտաւորապէս 50 անդամներ եւ 90 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Սուրիական բանակը Չորեքշաբթի օր ետ մղած էր Հալէպ քաղաքին մէջ իր դիրքերուն դէմ 50 զինեալներ եւ ծանր գնդացիրներ կրող չորս բեռնակառքերով յարձակում մը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչէփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղած է Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին լայնքին սուրիական բանակի յառաջխաղացքը կասեցնելու:
Աւելցնենք, որ Թուրքիա ցարդ չէ յարգած հիւսիս-արեւելեան շրջաններէն զինեալ ահաբեկիչները դուրս բերելու իր խոստումը եւ կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել սուրիական կարգ մը տարածքներ:
Նաեւ, 24 Յունուարին հաղորդուեցաւ, որ հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով, միայն վերջին 2 օրերուն 36,007 սուրիացիներ (11,691 ընտանիքներ) մօտեցած են Սուրիա-Թուրքիա սահմանին։ Նշենք, որ վերջին 2.5 ամիսներուն մօտաւորապէս 450,000 սուրիացիներ ճամբայ ելած են դէպի Թուրքիա, որուն ուժերը շրջանին մէջ անկայնութեան գլխաւոր ազդակներէն մէկը կը հանդիսանան:
Տեղահանուած բնակչութեան մեծ մասը բնակութիւն կը հաստատէ Թուրքիոյ սահմանին յարակից հաստատուած ճամբարներու մէջ։