ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Յունուարին, «Պաքու 1990. Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» նիւթով մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հակասարական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն, մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան յայտնեց, որ 1990ին Ատրպէյճանի կողմէ հայերուն դէմ գործուած սպանդը Օսմանեան կայսրութեան որդեգրած ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է:
«Ադրբեջանն իր ստեղծման առաջին իսկ տարիներից որդեգրել է հայերի նկատմամբ ցեղասպանութեան անփոփոխ մնացած, հետեւողականօրէն իրականացուող քաղաքականութիւն: Ադրբեջանը երբեւիցէ չի տարբերակել, թէ որ տեղանքի հայ է՝ Հայաստանի, Արցախի, Վրաստանի, Ադրբեջանի… կապ չունի: Կայ քաղաքականութիւն, որտեղ յստակ նշուած է՝ հայերը եկուոր տարր են այս տարածաշրջանում, եւ պէտք է այստեղից դուրս մղուեն: Դրա համար են իրականացուել այդ անմարդկային գործողութիւնները», ընդգծեց Ալավերդեան:
Ան նշեց, որ Ցեղասպանութեան վերաբերող ուխտին մէջ նշուած բոլոր հինգ ձեւերը կիրարկուած են Յունուար 1990ին, եւ այս հարցին նկատմամբ բոլորը պէտք է յստակ դիրքորոշում ունենան:
«Ադրբեջանը, որը ստեղծուել էր Թուրքիայի կողմից, պէտք է շարունակի նոյն ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը Օսմանեան Թուրքիայի սահմաններից դուրս, ինչը եւ իրականացնում է մինչ օրս», նշեց Ալավերդեան:
Ասուլիսին ընթացքին Լարիսա Ալավերդեան ներկայացուց ատրպէյճանցի գրող, քաղաքական հալածեալ Զէյնալ Իպրահիմովի «35 Նամակ Որդուս» գիրքը, ուր կը նկարագրուին Յունուար 1990ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Այդ գիրքին մէջ ներառուած է նաեւ Իպրահիմովի հարցազրոյցը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Քաթերինա Փրոքոֆեւայի հետ: Այդ հարցազրոյցէն ետք լրագրողը գործէ արձակուած է։
«Զէյնալ Իբրահիմովը քաղաքական էմիգրանտ (գաղթական-Խմբ.) է: Նա այս գիրքը գրել է 2018ին: Այն շատ լայն տարածուել է համացանցում», աւելցուց Ա-լաւերդեան:
Ատրպէյճանցի գրողը Արցախը ճանչցած է՝ իբրեւ հայկական տարածք եւ դատապարտած է Ատրպէյճանը՝ պատմութեան ամբողջական խեղաթիւրման, ինչպէս նաեւ հայերու ջարդերը կազմակերպելուն համար: