ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Երեւանի նոր ոստիկանապետ նշանակուեցաւ ոստիկանութեան գնդապետ Արմէն Գասպարեան։ Լուրը հաղորդեց Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութիւնը:
«Ոստիկանութեան պետի պաշտօնակատար Արման Սարգսեանի հրամանով ոստիկանութեան Տաւուշի մարզային վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Արմէն Գասպարեանն ազատուել է զբաղեցրած պաշտօնից եւ նշանակուել է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ», յայտնեցին ոստիկանութենէն։