ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայ ատրպէյճանագէտները «Ժամանակակից Ադրբեջան» հայերէն տեղեկագիրքին մէջ ամփոփած են Ատրպէյճանի պատմութեան, քաղաքականութեան, հանրային կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մասին առասպելներէ հեռու առարկայական տեղեկատուութիւնը: Հակառակորդին մասին առարկայական տեղեկութեան տիրապետելը վերջինիս նկատմամբ ճիշդ քաղաքականութեան մշակման կարեւոր նախապայմաններէն է:
24 Յունուարին, ատրպէյճանագետներ Վարուժան Գեղամեան եւ Էդգար Էլբակեան հանրութեան ներկայացուցին իրենց տեղեկագիրքը: Անոնք դիտել տուին, որ իրենց նպատակը եղած է Ատրպէյճանի մասին շօշափելի եւ առարկայական տեղեկութիւնները մատչելի դարձնել ընթերցողին։
Էդգար Էլբակեան շեշտեց, որ երկրի մը նկատմամբ քաղաքականութիւն մշակելու համար՝ պէտք է զայն լաւապէս ճանչնալ՝ աւելցնելով, որ եթէ առարկայական պատկերացում գոյութիւն չունենայ, կրնայ սխալ քաղաքականութիւն վարել անոր հանդէպ: Ան շեշտեց, որ այդ սխալը Ատրպէյճան կը կատարէ։ Էլբակեան մէկն էր այն լրագրողներէն, որոնք վերջերս Ատրպէյճան այցելեցին։ «Այդ այցը բերել է այն համոզման, որ այն միֆադարանը (առասպելներու դարանը-Խմբ.), որ նրանք ունեն Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասով, գոյութիւն ունի ոչ միայն քարոզչական տեքստերով (բնագիրներով-Խմբ.) միջին վիճակագրական ադրբեջանցիների ուղեղներում, այլ յաճախ պետական, գիտավերլուծական, ամենաբարձր շրջանակների ներկայացուցիչների մօտ: Այդպիսի իրավիճակում նրանք չեն կարողանայ մեր նկատմամբ իրենց քաղաքականութիւնը, ռազմավարութիւնը մշակելիս չսխալուել: Մեր հետազօտական թիմի համոզմամբ՝ Ադրբեջանի կողմից 2016ի Ապրիլի աւանտիւրան (արկածախնդրութիւնը-Խմբ.) հէնց այդպիսի թերի հաշուարկի արդիւնք էր», նշեց ան։
Տեղեկագիրքին մէջ Ղարաբաղեան տագնապին անդրադարձ կայ պատմութեան բաժինին մէջ, որ Ատրպէյճանի պատմութեան անկիւնադարձային կողմերէն մէկն է:
Վարուժան Գեղամեան նշեց, որ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները յայտնի են, անոնք թշնամական են, հետեւաբար մեզի համար ալ աւելի առաջնային նշանակութիւն ունի Ատրպէյճանի ուսումնասիրութիւնը: «Այս ձեռնարկը փորձ է՝ պատրաստել մի համապարփակ տեղեկագիր, որով դիւանագէտները, քաղաքագէտները եւ այլք, որոնք իրենց գործունէութեան ընթացքում այս կամ այն կերպ առնչւում են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեանը, հնարաւորութիւն ունենան հայկական համապարփակ աղբիւրից ստանալ անհրաժեշտ տեղեկութիւնը: Փորձել ենք ներկայացնել այն հարցերը, որոնք Հայաստանի, հայութեան տեսանկիւնից կարեւորութիւն են ներկայացնում», ըսաւ ան:
Հեղինակները նշեցին, որ փորձած են ստեղծել այնպիսի տեղեկագիր մը, որուն մէջ չկան իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ։ «Ժամանակակից Ադրբեջան» տեղեկագիրքը կազմուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանին միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ։