ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի ոստիկանութեան բարեփոխումներու օրակարգը եւ տեսլականը:
Փաշինեան յայտնեց, որ ընդհանրապէս ոստիկանութեան բարեփոխումները իրենց կառավարութեան կազմութեան առաջին օրէն եղած են օրակարգի վրայ, որովհետեւ անոնք շատ կարեւոր են։ Ըստ անոր՝ 2018ի ժողովրդային շարժումէն ետք, ոստիկանութիւնը ընդհանուր առմամբ կատարած է եւ կը կատարէ իր պարտականութիւնները։ «Բայց մենք բոլորս արձանագրում ենք, որ քաղաքական եւ հանրային նոր իրողութիւնների պայմաններում մեզ անհրաժեշտ է նոր ոստիկանութիւն՝ բառի բովանդակային իմաստով: Ընդհանուր առմամբ մեր այս գործընթացի կարեւորագոյն նպատակը պէտք է լինի ոստիկանութիւն-քաղաքացի նոր յարաբերութիւնների հաստատումը», յայտնեց ան։
Վարչապետը նշեց, որ բազմաթիւ քննարկումներէ ետք հասած են այն եզրակացութեան, որ առնուած քայլերուն եւ տրուած որոշումներուն մէջ պէտք է այլեւս ձեռնպահ մնալ հատուածական քայլերէն, «եւ մեր բոլոր քայլերը պէտք է լինեն ռազմավարական բնոյթի»:
«Ի՞նչ նկատի ունեմ ռազմավարական փոփոխութիւններ ասելով. ցանկացած ոլորտում, երբ մենք որեւէ փոփոխութիւն անում ենք, պէտք է հաշուի առնենք, որ այդ փոփոխութիւնը, նոյնիսկ ամենափոքր, ունի փոխազդեցութիւնների որոշակի դաշտ: Եւ փոփոխութիւնները քննարկելիս պէտք է դիտարկել ոչ թէ իրեն հէնց իր կէտում, այլ հնարաւոր փոխազդեցութիւնների դաշտը, գնահատել այդ փոխազդեցութիւնների դաշտում տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ դրանից յետոյ միայն կայացնել համապատասխան որոշումներ: Եւ այս առումով կարծում եմ եւ յոյս ունեմ, որ ոստիկանութեան բարեփոխումները կը լինեն մեր ամենայաջողուած օրինակներից մէկը: Ի հարկէ, մենք յոյս ունենք եւ ոչ միայն յոյս ունենք, այլեւ համոզուած ենք, որ ոստիկանութիւնն այս բարեփոխումների արդիւնքում վիզուալ (տեսքի-Խմբ.), արտաքին նոր կերպար կը ստանայ, բայց շատ աւելի, կրկնակի կարեւոր է այն նոր բովանդակութիւնը, որը մենք այս բարեփոխումների արդիւնքում պէտք է ունենանք ոստիկանութիւնում, որը շղթայական առումով պէտք է փոփոխութիւններ բերի իրաւապահ մարմինների, հանրութեան յարաբերութիւններում եւ ընդհանրապէս երկրում առկայ մթնոլորտի առումով, հասարակական կարգի պահպանման, իրաւակարգի պահպանման եւ, ի հարկէ, յանցագործութիւնների կանխարգելման եւ յանցաւորութեան դեմ պայքարի առումով», հաստատեց Նիկոլ Փաշինեան: