ՆԻԿՈՍԻԱ, ԵՐԵՒԱՆ.- Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, 23 Յունուարին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը, հաւատարիմ մնալով իր բիրտ եւ դաժան գործելաոճին, քաղաքական գործիչ, Կիպրոսի «Ալիլլենկիի» կուսակցութեան նախագահ եւ Հայ Դատի բարեկամ՝ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսը ձերբակալելու եւ արտայանձնելու դիմում ներկայացուցած է Կիպրոսի իշխանութիւններուն:
2015ին նոյն անհիմն սադրանքով Պաքուն դիմած էր «Ինթըրփոլ»ին՝ ձերբակալելու եւ Պաքու արտայանձնելու դոկտ. Էլենի Թէոխարուսը, այն ամբաստանութեամբ, որ ան ոչ-օրինական միջոցներով այցելած է Արցախ: Այսօր, նոյն մեղադրանքը, նորոգուած ամբաստանագիրի մը միջոցով, յանձնուած է Կիպրոսի ոստիկանութեան:
Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Պաքուի սպառնալիքները՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով դոկտ. Էլենի Թէոխարուսին, որուն անխոնջ աշխատանքը մեծապէս նպաստած է հայ ժողովուրդի դատին: Դոկտ. Էլենի Թէոխարուս բազմաթիւ անգամներ այցելած է Արցախ եւ իր արտակարգ ու անգնահատելի օժանդակութիւնը բերած Արցախի դատին: Դոկտ. Թէոխարուս Ստեփանակերտի պատուոյ քաղաքացի է: Ան կը վայելէ համայն հայութեան հիացումն ու յարգանքը»:
Իր կարգին, «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, Սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարզական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Պաքուի կողմէ հետապնդուող Եւրոխորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Թէոխարուսի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնած է անոր։
Հայրապետեան այդ մասին գրած է հետեւեալը. «Որպէս Հայաստան-Կիպրոս միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ՝ ստեղծուած իրավիճակը մանրամասն քննարկել եմ կիպրացի գործընկերոջս՝ Նիկոս Տորնարիդիսի հետ։ Նման սկզբունքային, ճշմարտութեան համար պայքարող եւ դժուարութիւններից երբեք չվախեցող քաղաքական գործիչները ոչ միայն սեփական երկրի, այլ նաեւ միւս ժողովուրդների համար լաւ օրինակ են հանդիսանում»:
Պաքուցիները իրենք զիրենք կը խայտառակեն եւ բարեբախտաբար չեն իմանար: