ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան կից՝ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը Պոլսոյ «Սանասարեան տան» շէնքը 35 տարիով վարձու տալու հարցին գծով յայտարարութիւն տարածեց 24 Յունուարին՝ նշելով, որ դատական գործընթացի աւարտէն առաջ առնուած այդ քայլը արդարութեան դէմ առնուած քայլ մըն է:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ նման քայլեր որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ այդ կառոյցին նկատմամբ հայ համայնքին իրաւունքները վերականգնելու պահանջին վրայ:
Յիշեցնենք, որ «Սանասարեան տուն»ը կառուցուած է 1881ին, հայ վաճառական եւ բարերար Մկրտիչ Սանսարեանի կողմէ, Կարինի մէջ գտնուող նոյնանուն դպրոցին համար եկամուտ ապահովելու նպատակով: Շէնքին կառավարման իրաւունքը յանձնուած է Սանասարեան հիմնադրամին, իսկ հիմնադրամին ղեկավարումը՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին: