ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 24 Յունուարին, Մեծն Բրիտանիոյ արքայազուն Չարլզը այցելեց Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցին եւ դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանի կողմէ:
Երուսաղէմի Հայոց պատ-րիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան կը յայտնէ, թէ այցելութեան առիթով Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան անունով Չարլզ իշխանին նուիրուեցաւ հայկական յախճապակեայ ափսէ մը: Լուսարարապետ սրբազան հայրը նաեւ խօսեցաւ շրջանին մէջ հայկական ներկայութեան եւ եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող առաքելութեան մասին:
Խօսքին աւարտին, սրբազանը յիշեց նաեւ Հիթլերի յայտնի խօսքը. «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերու բնաջնջումը» եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով արդարութեան սկզբունքը կը յարգուի:
Վստահեցնեմ Ձեզ, Ձերդ արքայազուն Չարլզ, որ չէք կրնար երեւակայել թէ ազգովին ինչքաաա՜ն երախտապարտ ենք Ձեզի, որ յոյս ունիք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով արդարութեան սկզբունքը կը յարգուի: Իսկապէ՛ս եմ ասում:
Մանկական արտայայտութեամբ, Խոսքի աւարտին յիշեցումին- Եթէ օտարի աջքով նայիս՝ կ’մեղքնաս… կարծես այդ պահուն 1915ին զոհուած հայ մանուկի մը Ոգին է կարտահայտուի սրբազանին բերնով: