ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Համշէնուհի» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար Սայիդա Օհանեան 24 Յունուարին տեղեկացուց, թէ դիմում ներկայացուած է Նոպելեան յանձնաժողովին՝ առաջարկելով Նոպելեան Խաղաղութեան մրցանակ շնորհել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին:
Կազմակերպութիւնը Կարօ Փայլանը կը նկարագրէ՝ իբրեւ այն քաղաքական գործիչը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյի բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին:
«Այսօր նա այն քչերից է, ով պատասխանատուութիւն է վերցրել պաշտպանելու մարդասիրական արժէքները, տարածաշրջանի բնիկների, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնների իրաւունքները: Լինելով արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիայի շրջանից, 1894-1923ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ ողջ մնացած հայերի ընտանիքից, որպէս իր պատմական հայրենիքում Ցեղասպանութեան զոհերի ժառանգ՝ նա անձնապէս ծանօթ է մարդկութեան դէմ ուղղուած այս սարսափելի յանցագործութեան բոլոր հետեւանքների մասին, որը ճանաչուել եւ դատապարտուել է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բոլոր առաջատար երկրների, Եւրախորհրդարանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազդեցիկ միջազգային եւ կրօնական կազմակերպութիւնների կողմից», նշուած է դիմումին մէջ:
Նշենք, որ վերոյիշեալ կազմակերպութեան կողմէ Կարօ Փայլան 2018ին եւս այս մրցանակին թեկնածու ներկայացուած էր։
«Համշէնուհի» միութեան նպա-տակը կանանց իրաւունքներու, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ աշխարհի բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համաձայն: