Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի հանդիսապետութեամբ՝ 19 Յունուարին, Պուխարեստի Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր տաճարին մէջ, «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի հրէշաւոր սպանութեան 13րդ եւ Պաքուի ջարդերուն 30րդ տարելիցներուն առիթներով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, յաւարտ որուն տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հրանդ Տինքի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայերու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար: Արարողութեան ներկայ եղան Ռումանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մինասեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, թեմական եւ ծխական խորհուրդներու անդամներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Տաթեւ սրբազանը իր քարոզին մէջ անգամ մը եւս ընդգծեց Հրանդ Տինք մտաւորականին, լրագրողին եւ մարդուն մեծութիւնը եւ անոր կատարած հսկայ աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ մասնաւորապէս նշելով. «Ժամանակը ի զօրու չէր ամոքելու կամ մոռացութեան մատնելու այն խոր վէրքը, որ պատճառուած էր Հրանդ Տինքի ընտանիքի անդամներուն, ընկերներուն ու ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բացայայտ ոտնձգութիւն էր ընդդէմ ազատ խօսքի, ժողովրդավարութեան եւ այն գաղափարներուն, որոնց կրողն էր մեծ մտաւորականը: Իբրեւ ճշմարտութեան առաջամարտիկ, անտեսելով բոլոր տեսակի սպառնալիքները եւ ոտնձգութիւնները, Հրանդ Տինք բոլոր ամպիոններէն կը պահանջէր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չհերքել պատմական իրողութիւնը եւ մերժողական դիրքորոշումով յանցակից չդառնալ երիտթրքական ու օսմանեան իշանութիւններուն: Սակայն, ինչպէս շուրջ 100 տարիներ առաջ, այնպէս ալ այսօր, ժամանակակից Թուրքիոյ իշխանութիւնները ընտրեցին հարցին լուծման այլ ճանապարհը՝ սպանութեան, ոճրագործութեան եւ առաջաւոր գաղափարներ կրող վառ անհատականութիւնը լռեցնելու յանցաւոր ու անմարդկային ճանապարհը»: